Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Օգտուելով Ռուսիոյ Իրավիճակէն, Ատրպէյճանը Նոր «Վերջնագիր» Կը Ներկայացնէ Հայաստանին. Զաթուլին

Օգտուելով Ռուսիոյ Իրավիճակէն, Ատրպէյճանը Նոր «Վերջնագիր» Կը Ներկայացնէ Հայաստանին. Զաթուլին

by MassisPost

«Ռուսիան դիւանագիտական ճանապարհով կը փորձէ խաղաղութեան հասնիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ», ըսած է Պետտումայի ԱՊՀ հարցերով կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանդին Զաթուլինը:

Ռուս պատգամաւորը նաեւ յաւելած է, որ հիմա այդ ընելը հեշտ չէ, քանի որ Պաքուի թիկունքին կանգնած է Թուրքիան: Նախօրէին Հայաստանը դիմած էր Ռուսիոյ` Ատրպէյճանի հետ սահմանին իրավիճակի սրման պատճառով:

Զաթուլին կը կարծէ, որ Ատրպէյճանը կ’օգտուի Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն մէջ Ռուսիոյ մասնակցութենէն եւ նոր «վերջնագիր» կը ներկայացնէ Հայաստանին: «Հրետակոծութիւնները, ցաւօք, տխուր իրողութիւն են, որ կ’ուղեկցին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները` երկար տարիներ, բայց յատկապէս` երկու տարի վաղեմութեան պատերազմէն ի վեր:

Այս պատերազմիցէն յետոյ Ատրպէյճանը կ’օգտագործէ բոլոր ճանապարհներն ու միջոցները` Ղարաբաղի համար պայքարին մէջ Հայաստանի պարտութենէն հնարաւորինս շատ օգուտներ քաղելու համար: Ատրպէյճանին` շրջաններու յանձնումէն յետոյ, սա արդէն շարք մը հետեւանքներու յանգեցուցած է, բայց Ատրպէյճանին, ըստ ամենայնի, այդ ամբողջութեամբ չի բաւարարեր. ան աւելին կ’ուզէ եւ կ’օգտագործէ այն հանգամանքը, որ ուքրանական իրադարձութիւններուն մէջ ներքաշուած Ռուսիան բարդ իրադրութեան մէջ է` իր պահանջները ներկայացնելու համար, որոնք շատ նման են վերջնագիրի: Ինծի կը թուի, որ մենք կը քաղենք երկու տարի առաջ տեղի ունեցածին հետեւանքը:

Կը կարծեմ, որ այստեղ դեռ պէտք է հասկնանք Թուրքիոյ դերը, որ, որպէս կանոն, կանգնած է Ատրպէյճանի բոլոր գործողութիւններու ետին»: Պատգամաւորը կարծիք յայտնած է նաեւ, որ Ռուսիան ձեռնպահ կը մնայ ռազմական գործողութիւններուն միջամտելէ, բայց պէտք է «սանձէ Ատրպէյճանը»: Ըստ անոր, ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առկայութիւնը Արցախի տարածքին արդէն իսկ ուժի կիրառում է:

Կոնստանդին Զաթուլինը նաեւ կարծիք յայտնած է, որ Ռուսիան պէտք է ամէն ինչ ընէ, որպէսզի ձեռնպահ մնայ ռազմական գործողութիւններուն մէջ անմիջական ներգրաւուածութենէն, բայց պէտք է ամէն ջանք գործադրէ` Ատրպէյճանէն «հանգիստ վարքագիծ» ստանալու համար.

«Բայց այն պայմաններուն մէջ, երբ Թուրքիան կանգնած է Ատրպէյճանի թիկունքին, անոր դժուար է հասնիլ: Ռուսիան դիւանագիտական ճանապարհով կը փորձէ յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան պայմանագրին ուղղութեամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment