Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին Մէջ ԱՄՆ Յատուկ Ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքըր Պիտի Այցելէ Հայաստան Եւ Ատրպէյճան

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին Մէջ ԱՄՆ Յատուկ Ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքըր Պիտի Այցելէ Հայաստան Եւ Ատրպէյճան

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի նորանշանակ ամերիկացի համանախագահ, Կովկասի հարցերով բանակցութիւններուն մէջ ԱՄՆ յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքըր այս շաբաթ պիտի այցելէ Հարաւային Կովկասի երկիրներ:

Այս մասին ճեպազրոյցի մէջ յայտարարելած է ԱՄՆ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Մամուլի Ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Վետանթ Փաթելը:

Սա պիտի ըլլայ Ռիքըրի առաջին ուղեւորութիւնը նոր պաշտօնին մէջ:

«Յոյսով ենք, որ տարածաշրջան այցերը պարբերական պիտի ըլլան: Ան պիտի այցելէ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան: Ան հանդիպումներ պիտի ունենայ երեք երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ` տարածաշրջանի առանցքային խնդիրները, ինչպէս նաեւ վիճելի հարցերու կառուցողական լուծումները եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան համար աջակցութեան ու անմիջական ներգրաւման հնարաւորութիւնները քննարկելու համար», ըսած է Փաթել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment