Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Յայտարարած Է ԼՂ Հարցով Փաշինեանի Հետ Մշտական Կապի Մասին

Փութին Յայտարարած Է ԼՂ Հարցով Փաշինեանի Հետ Մշտական Կապի Մասին

by MassisPost

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ մշտական կապի մէջ է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով:

Փութին այս մասին ըսելած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին:

«Բնականաբար, ամենազգայուն հարցերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ անվտանգութեան ապահովման հետ կապուած իրավիճակն է: Մենք այս հարցով ամբողջ ընթացքին Ձեզի հետ կը խօսինք, մշտական կապի մէջ ենք», ըսած է Փութին:

Ռուսիա կ’ողջունէ որեւէ քայլ, ամէնը, ինչ որ օգուտ կու տայ ռուսական առեւտուրին:  Արեւելեան տնտեսական 7-րդ համաժողովի նիստին այս մասին ըսաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը` պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէ՞ս Ռուսիան կը վերաբերի ռուս գաղթականներուն, որոնք տեղափոխուելած են Հայաստան:

«Մենք կ’ողջունենք այն ամէնը, ինչ օգուտ կու տայ Ռուսիոյ առեւտուրին: Եթէ պայմանները այնպիսին են, որ մարդոց աւելի ձեռնտու եւ հանգիստ է աշխատիլ  Հայաստանի մէջ, ի սէր Աստուծոյ, թող աշխատին, ոչինչ կը խանգարէ», նշեց Փութին` նշելով, որ Հայաստան տեղափոխուած անձերը հիմնականին մէջ կը ներկայացնեն տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը:

Անոր խօսքով` Հայաստանը Ռուսիոյ համար օտար երկիր չէ, կարելի է աշխատիլ Երեւանի մէջ եւ փաստացի ապրիլ Մոսկուայի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment