Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆիլիփ Ռիքըր՝ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ Նոր Համանախագահ

Ֆիլիփ Ռիքըր՝ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ Նոր Համանախագահ

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ:

«Դեսպան Ռիքըրի նշանակումը կը վերահաստատէ մեր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման», Թուիթըրով այս նշանակման մասին գրած է Պլինքընը:

«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման շուրջ: Դեսպան Ռիքըրը նաեւ պիտի համագործակցի համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոմիութիւնը, եւ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ պիտի օգնէ հեշտացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը: Դեսպան Ռիքըրի նշանակումը այս ժամանակահատուածին կը վերահաստատէ նաեւ Վրաստանի վերաբերեալ ժընեւեան քննարկումներուն Միացեալ Նահանգներու դերին կարեւորութիւնը», կը նշուի Պետական Քարտուղարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան վարչութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլաեւան մեկնաբանած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Օգոստոս 24-ի յայտարարութիւնը մամուլի համար:

Ան նշած է, որ Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդականի պաշտօնին Ֆիլիփ Ռիքըրի նշանակման վերաբերեալ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ ցուցաբերուած է տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած յետհակամարտութեան իրողութիւններէն հեռու մօտեցում, ինչ որ զարմանք կ’առաջացնէ. «Մինսքի Խումբին վերաբերեալ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը բազմիցս արտայայտուած է եւ յստակ հնչեցուած է ամենաբարձր մակարդակով: Գործնականին մէջ չգործող Մինսքի Խումբի «վերակենդանացման» փորձերը կրնան յանգեցնել ԱՄՆ-ի հեռացման ատրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment