2022 թուականի Յունուար-Յունիսին Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջային այցելութիւնները կազմած են շուրջ 581.308, նախորդ տարուան Յունուար-Յունիսի 239.263-ին համեմատ աճը կազմած է շուրջ 142%: Այս մասին Civic.am-ին յայտնեցին ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարութեան Զբօսաշրջութեան Կոմիտէէն:
Ներգնայ զբօսաշրջիկներու թուաքանակը 2022-ի Յունուար-Յունիսին կազմած է 581.308: Նոյն ժամանակահատուածին օդային ճամբով Հայաստան մուտք գործած է 390.761 քաղաքացի, երկաթուղային ճամբով` 6,031 քաղաքացի, ինքնաշարժի ճամբով` 184.516 քաղաքացի:
2022-ի Յունուարէն Յունիս ինկած ժամանակահատուածին Ռուսիայէն Հայաստան այցելած է 247.238 քաղաքացի, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին քաղաքացիներուն թիւը եղած է 93.537, միւս երկիրներէն եւս Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ կտրուկ աճ արձանագրած է. Վրաստանէն վերոնշեալ ժամանակահատուածին Հայաստան այցելած է 61.229, Իրանէն` 47.773, ԱՄՆ-էն` 12.719, Ուքրանիայէն` 7.674, Ֆրանսայէն` 7.659, Թուրքիայէն` 3.358 քաղաքացի: