Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարմիր Նախազգուշացում Ատրպէյճանին. Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Լեմքինի Հիմնարկի Յայտարարութիւնը

Կարմիր Նախազգուշացում Ատրպէյճանին. Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Լեմքինի Հիմնարկի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Լեմքինի Հիմնարկը Ցեղասպանութեան Կարմիր` ամենաբարձր նախազգուշացումը հրապարակած է Ատրպէյճանի համար` նշելով, որ կը դատապարտեն շարունակուող ատելութեան խօսքը, սպառնալիքները եւ վայրագութիւնները Արցախի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս, հայ ժողովուրդին եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ:

«Վերջերս ատրպէյճանական ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած տեսանիւթի մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս ատպէյճանցի զինուորը մօտակայ հայկական գերեզմանոցէն փորուած հայկական գանկը կը կապէ զինուորական բեռնատարի ետեւի մասին, իսկ ծառայակիցները կ’ուրախանան:

Այս նոր ակնյայտ վայրագութեան հետեւանքով Լեմքինի Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Հիմնարկը կրկին կարմիր դրօշով ահազանգ կը հրապարակէ Ատրպէյճանի համար` նախազգուշացնելով հայերուն սպառնացող ցեղասպանութեան մասին` ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ:

Ցեղասպանութեան վտանգը յատկապէս մեծ է այժմ` հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները, որոնք փաստագրուած են:

Միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս ՆԱԹՕ-ն եւ անոր անդամ երկիրները, կը շարունակեն անտեսել Ատրպէյճանի ցեղասպան յայտարարութիւնները, ցեղասպանական ներքին գաղափարական մշակոյթը եւ ցեղասպանական գործողութիւնները, որոնք բոլորն ալ կ’աջակցուին եւ յառաջ կը մղուին Թուրքիոյ կողմէ:

Մենք կոչ կ’ընենք բոլոր միջազգային եւ պետական ​​մարմիններուն՝ վերահսկելու Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ ցեղասպան գաղափարախօսութեան եւ գործելակերպի համար, ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ` դադրեցնելու հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած ցեղասպանական սպառնալիքները եւ ամրապնդելու հայերու եւ հայկական ինքնութեան անվտանգութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment