Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Քննարկուի «Սուրմալու»-ի Պայթումէն Տուժածներուն Ու Զոհուածներուն Ընտանիքներուն Աջակցելու Հարցը

Կը Քննարկուի «Սուրմալու»-ի Պայթումէն Տուժածներուն Ու Զոհուածներուն Ընտանիքներուն Աջակցելու Հարցը

by MassisPost

ՀՀ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցեու Նախարարութեան մէջ կան քննարկումներ` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով զոհուած քաղաքացիներու ընտանիքներուն եւ ֆիզիքապէս տուժած անձերուն համար պետական աջակցութեան ծրագիր իրականացնելու ուղղութեամբ: «Արմենփրես»-ի հարցման ի պատասխան այս մասին տեղեկացուց ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի խօսնակ Զառա Մանուչարեանը:

«Նախարարութիւնում այս պահին կան քննարկումներ` «Սուրմալու» առեւտրի կեդրոնում տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով զոհուած քաղաքացիների ընտանիքներին եւ ֆիզիքապէս տուժած անձանց համար պետական աջակցութեան ծրագիր իրականացնելու ուղղութեամբ: Միջոցառման շահառուների յստակ շրջանակի, աջակցութեան ձեւաչափի եւ այլնի մասին` կը տեղեկացնենք լրացուցիչ, երբ ունենանք առաւել յստակ պատկեր», ըսաւ Զառա Մանուչարեանը:

Հարցին, թէ արդեօք պիտի ըլլա՞յ նաեւ աջակցութիւն` պայթումէն տուժած տնտեսվարողներուն, Զառա Մանուչարեանը տեղեկացուց, որ այդ հարցը ՀՀ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան լիազօրութիւններու շրջանակէն դուրս է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment