Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զոհեր Երեւանի «Սուրմալու» Առեւտուրի Կեդրոնին Մէջ Պայթումին Հետեւանքով

Զոհեր Երեւանի «Սուրմալու» Առեւտուրի Կեդրոնին Մէջ Պայթումին Հետեւանքով

by MassisPost

Օգոստոս 14-ին, ժամը 13:23-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթում տեղի ունեցած է:

Ըստ նախնական տուեալներուն`  տեղի ունեցած է պայթում` հրդեհի բռնկմամբ:

Վերջին տուեալներով  կայ 7 զոհ եւ 17 անյայտ կորսուած անձ: Պայթումէն տուժած 61 քաղաքացիներէն 24-ը դեռ կը շարունակեն բուժումը:

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով վերջին տուեալներով կայ 17 անհետ կորսուած, որոնցմէ մէկը Իրանի քաղաքացի է, մէկը` Ռուսիոյ: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ ԱԻՆ խօսնակ Հայկ Կոստանեանը:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր 19 անհետ կորսուածի մասին, Հայկ Կոստանեան ըսաւ որ երկու անձ կապ հաստատած են իրենց հարազատներուն հետ եւ յայտնած, որ անվնաս են եւ դէպքին վայրը չեն եղած:

Չի Կրնար Խօսք Ըլլալ Ահաբեկչական Արարքի Մասին. ԱԻ Նախարարը` «Սուրմալու»-ի Պայթումին Մասին
Հայաստանի Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը 99 տոկոսով համոզուած է, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումը ահաբեկչական արարք չէ: Այդ մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեանը:

«Պայթումին պահը դիտելով`  ակնյայտ է դառնում, որ այդտեղ չի կարող խօսք լինել ահաբեկչական արարքի մասին, որովհետեւ նախ տեղի է ունենում որոշակի այրում, ծխագոյացում, այնուհետեւ պայթում: Այսինքն ինչ-որ չափաբաժին կրակ է եղել, այնուհետեւ տարածուել է պայթուցիկ նիւթերի վրայ: Սա, ըստ Արտակարգ Իրավիճակների նախարարութեան, 99 տոկոսանոց ճշմարտութիւն է», մանրամասնեց  Փամբուխչեանը:

Անդրադառնալով տարբեր կառոյցներու մէջ ռումբերու մասին ահազանգերուն, որոնք յաջորդած էին պայթումին` Փամբուխչեան ընդգծեց, որ բոլոր այդ ահազանգերը կեղծ եղած են: Նախարարը յիշեցուց, որ վերջին շրջանին նման ահազանգեր յաճախ կ’ըլլան եւ բոլորն ալ կեղծ են:

Վարչապետը Այցելած Է «Սուրմալու» Առեւտուրի Կեդրոնի Տարածք
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածք, ուր Օգոստոս 14-ին պայթում տեղի ունեցած է:

Կառավարութեան ղեկավարին ուղեկցած են Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը, արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեանը, ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան տնօրէն Արմէն Գասպարեանը, Տեսչական մարմիններու աշխատանքներու համակարգման գրասենեակի ղեկավար Արթուր Ասոյեանը:

Վարչապետ Փաշինեանին ներկայացուած են որոնողափրկարարական եւ հրդեհի մարման աշխատանքներուն ընթացքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment