Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Կը Յորդորէ Չտարածել Ահաբեկչական Սպառնալիքներու Վերաբերեալ Չճշդուած Տեղեկութիւններ

ԱԱԾ-ն Կը Յորդորէ Չտարածել Ահաբեկչական Սպառնալիքներու Վերաբերեալ Չճշդուած Տեղեկութիւններ

by MassisPost

Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն եւ քաղաքացիներուն կը յորդորէ զերծ մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններու սպառնալիքներու վերաբերեալ չճշդուած տեղեկութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ հրապարակելէ, օգտուիլ բացառապէս պաշտօնական լրահոսէն` հանրութեան շրջանակին մէջ անհարկի խուճապային տրամադրութեան ստեղծումը բացառելու համար:

Միաժամանակ, կը տեղեկացուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ ամբողջ ծաւալով կը վերահսկէ անվտանգային իրավիճակը հանրապետութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment