Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Զոհուած Եւ Անհետ Կորսուած Զինուորներու Հարազատներուն Հետ Հանդիպման Անդրադարձած Է Շփման Գիծի Վերջին Սրացումներուն

Արցախի Նախագահը Զոհուած Եւ Անհետ Կորսուած Զինուորներու Հարազատներուն Հետ Հանդիպման Անդրադարձած Է Շփման Գիծի Վերջին Սրացումներուն

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Օգոստոս 15-ին ընդունած է Արցախեան երրորդ պատերազմին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու հարազատներու միութեան խումբ մը անդամներ:

Քննարկուած են միութեան գործունէութեան առնչուող հարցեր, բարձրացուած հարցերու իրաւական կարգաւորումներու յստակացման նպատակով ընդգծուած է պետական համապատասխան կառոյցներու հետ համատեղ աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Արայիկ Յարութիւնեան   անդրադարձած է նաեւ շփման գիծի վերջին սրացումներուն եւ Արցախի Հանրապետութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն  այլընտրանքային ճանապարհի խնդիրին, նշելով, որ խօսքը նոր միջանցքի մասին է, որուն պահպանութիւնը,   համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, պիտի իրականացնեն Արցախի մէջ տեղակայուած  ռուս խաղաղապահները:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան պատասխանած է ներկաներուն շարք մը հարցումներուն եւս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment