Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հեղինակաւոր «CNN»-ը Աշխարհի Լաւագոյն Արշաւային Ուղղութիւններուն Մէջ Ներառած Է Հայաստանը

Հեղինակաւոր «CNN»-ը Աշխարհի Լաւագոյն Արշաւային Ուղղութիւններուն Մէջ Ներառած Է Հայաստանը

by MassisPost

Ամերիկեան հեղինակաւոր «CNN»-ը իր ճանապարհորդական շարքի շրջանակին մէջ առանձնացուցած է աշխարհի լաւագոյն արշաւային ուղղութիւններէն՝ արահետներէն 23-ը` ցանկին մէջ ներառելով նաեւ Հայաստանը:

Հայաստանին վերաբերող հատուածը վերնագրուած է «Հայաստանը եւ Մետաքսի ճանապարհը»:

Կ՛ընդգծուի, որ Հայաստանի մէջ են Եւրոպայի մէջ լաւագոյն արահետներէն քանի մը հատը:

«Հայաստանն ու Մետաքսի ճանապարհը» 11-օրեայ ճանապարհորդութիւնը կ՛անցընէ լաւագոյն երթուղիներով` միացնելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պահպանութեան տակ գտնուող Սանահին եւ Հաղպատ վանքերը, անցնելով կրաքարային լեռնագագաթներով եւ սաղարթախիտ անտառներով` Գեղամայ վայրի լեռներուն մէջ` քայլարշաւի, եւ երկրի ամենաբարձր լեռը` Արագածի գագաթը բարձրանալու հնարաւորութեամբ», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:

Ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ ուղղութիւններ Միացեալ Թագաւորութեան, Սպանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Արժանթինի, Մարոքի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment