Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Մտադիր Է Հնդկաստանէն Գնելու Ռազմական Անօդաչու Սարքեր Եւ Այլ Սպառազինութիւն. Հնդկական Մամուլ

Հայաստան Մտադիր Է Հնդկաստանէն Գնելու Ռազմական Անօդաչու Սարքեր Եւ Այլ Սպառազինութիւն. Հնդկական Մամուլ

by MassisPost

Երեւանը մտադիր է Տելհիէն ռազմական անօդաչու սարքեր եւ այլ սպառազինութիւն գնել, ու այդ նպատակով նախորդ ամիս Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պատուիրակութիւնը մեկնած է Հնդկաստան` գնման ենթակայ զինատեսակներու ցանկով: Այս մասին գրած է հնդկական «DnaIndia»-ն, որ Հնդկաստանի առեւտրատնտեսական կեդրոնի` Մումպայի անգլալեզու մեծագոյն պարբերականներէն է:

Ո՞ր անօդաչու սարքերու, ի՞նչ այլ սպառազինութեան մասին է խօսքը, կամ ի՞նչ գումարի սահմաններուն մէջ են բանակցութիւնները, եւ վերջապէս` ի՞նչ պայմանագրեր կնքուած են` պարբերականը չի տեղեկացներ:

Օրինակ, ռազմական անօդաչուներու եւ անոնց դէմ պայքարի միջոցներու ստեղծման ուղղութեամբ Հնդկաստանը նոր չ’աշխատիր: Այդ նպատակով հնդկական ընկերութիւնները վերջին տարիներուն կը համագործակցին յատկապէս Իսրայէլի հետ: 2019 թուականին հիմնադրուեցաւ իսրայէլա-հնդկական Adani Defence & Aerospace ընկերութիւնը:

«DnaIndia»-ն կը ներկայացնէ անանուն մնալ փափաքող հայաստանցի պաշտօնեային խօսքերը, թէ ղարաբաղեան նախորդ պատերազմը հարկադրած է Երեւանին վերագնահատել իր ռազմական կարիքները: Պարբերականը կը նկատէ, որ պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ ռուսական ռազմական սպառազինութիւնը որքան անօգուտ է թրքական սպառազինութեան, յատկապէս Bayraktar անօդաչուներուն դէմ:

«Ազատութիւն»ը դիմած է Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւն` վերոյիշեալ հարցերուն պատասխանը ստանալու համար: Դեռ չեն արձագանգած:

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ նկատելիօրէն աշխուժացած հայ-հնդկական յարաբերութիւններուն մէջ ռազմական համագործակցութեան մասին սկսան հրապարակաւ խօսիլ այս ամիս: Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Յուլիսի սկիզբը հիւրընկալած էր Հնդկաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Արեւմտեան ուղղութեան քարտուղար Սանճայ Վերմանը, որ Երեւանի մէջ յայտարարեց, թէ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կողմերը հակուած են երկարաժամկէտ համագործակցութեան:

«Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ սկսած ենք փնտռել յստակ համագործակցութեան ուղիներ: Այս ոլորտին մէջ երկարատեւ համագործակցութեան ուղիներ կը փնտռենք: Առեւտուրի ու տնտեսութեան բնագաւառին մէջ արտադութիւններու որոշակիացման գործընթաց մեկնարկած ենք, ուր կրնանք յառաջ երթալ: Երկկողմ ներդրումներու պակաս կայ: Իմ, մեր կառավարութեան պարտականութիւնն է քաջալերել հնդկական արդիւնաբերութիւը, գործարարները` Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարել, որովհետեւ հնարաւորութիւնները, ներուժը մեծ են», նշած է Սանճայ Վերմանը:

Թէ ռազմական ոլորտին մէջ յստակ ի՞նչ համագործակցութեան մասին է խօսքը, հնդիկ պաշտօնեան չմանրամասնեց: Հայկական կողմը եւս ձեռնպահ մնաց:

Ատրպէյճանի հետ պատերազմէն առաջ` 2020 թուականի Մարտին, հնդկական մամուլը գրեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Ռուսիոյ, Լեհաստանի եւ Հնդկաստանի ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններէն ընտրած է վերջինները, եւ Տելհին Երեւանին պէտք է մատակարարէ 50 քիլոմեթր շառաւիղով հրետանիի արկերու եւ տարաբնոյթ հրթիռներու ուղղութիւնը, արագութիւնը որոշող նորագոյն չորս` Swathi ռատարներ` 40 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ, որոնք առաջին անգամ մատակարարուած են հնդկական բանակին 2018-ին:

Թէեւ առայսօր պաշտօնական աղբիւրները կը լռեն` արդեօ՞ք Հայաստանը գնեց այդ ռատարները, սակայն «DnaIndia»-ն գրած է, որ այդ գործարքը կայացած է:

Անցեալ մէկ տարիէն պակաս ժամանակահատուածին մէջ Հայաստանի ու Հնդկաստանի արտաքին գործերու նախարարները հանդիպած են արդէն երեք անգամ, որոնցմէ մէկը անցեալ հոկտեմբերին Սուպրամանեամ Ճայշանկարի այցն էր Երեւան` աննախադէպ երկու պետութիւններու պատմութեան ընթացքին: Նախորդը` այս Ապրիլին էր, երբ Միրզոյեան եռօրեայ աշխատանքային այցով Հնդկաստան կը գտնուէր, որու ընթացքին զայն ընդունեց նաեւ երկրի ղեկավարը` վարչապետ Նարենտրա Մոտին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment