Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Կ’առաջարկէ Սփիւռքահայերու Համար ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը Խստացնել

ԱԱԾ-ն Կ’առաջարկէ Սփիւռքահայերու Համար ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը Խստացնել

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կ’առաջարկէ ազգութեամբ հայ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող անձի կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար որպէս պարտադիր պահանջ սահմանել Հայաստանի մէջ վերջին երկու տարուայ ընթացքին առնուազն 60 օր օրինական հիմքով բնակելու կամ գտնուելու հանգամանքը:

Սահմանադրութեամբ ազգութեամբ հայերը Հայաստանի մէջ բնակելու պահէն ունին ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու իրաւունք, սակայն «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքով սահմանուած չէ, թէ որ պահէն անձը կը համարուի Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած:

«Մասնաւորապէս, ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող 18 տարին լրացած, գործունակ, օտարերկրեայ պետութիւնում բնակուող կամ Հայաստանում օրինական հիմքով բնակուող (գտնուող) իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի դիմելու ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար, եթէ օրէնքով սահմանուած կարգով վերջին երեք տարին մշտապէս բնակուել է Հայաստանում: Սահմանւում է, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեցող ազգութեամբ հայ անձը, որի խնամակալը ՀՀ քաղաքացի է, կարող է ստանալ քաղաքացիութիւն առանց վերոյիշեալ պահանջների պահպանման: ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացում օրէնքն առաւել մեծ հնարաւորութիւն է սահմանել ազգութեամբ հայերի համար, քան ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ», ըսուած է հիմնաւորման մէջ:

Գործող օրէնքին նպատակը, ըստ ԱԱԾ-ի` հայրենադարձութիւնը խթանելն է, սակայն ծառայութեան կողմէ վերջին տարիներուն կատարուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ պարզուած է, որ ազգութեամբ հայ հանդիսանալու հանգամանքով պայմանաւորուած ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցող անձերու ստուար զանգուած մը, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու` Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի քաղաքացիները, երբեւէ չեն եղած Հայաստանի մէջ կամ ժամանած են հազուադէպ` 4-5 տարին մէկ անգամ․ «Իսկ որոշ դէպքերում ժամանել են միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն հայցելու նպատակով եւ, որպէս կանոն, չեն իրականացնում հայանպաստ գործունէութիւն: Բացի այդ, եղել են նաեւ դէպքեր, երբ քաղաքացիութիւն ստանալուց յետոյ ՀՀ քաղաքացու անձնագրերը օգտագործել են միայն այլ պետութիւններ ճամբորդելու հնարաւորութիւն ունենալու համար»:

ԱԱԾ-ն յանգած է այն եզրակացութեան, որ ազգութեամբ հայերու համար սահմանուած խրախուսող կանոնները փաստացի ոչ ամբողջապէս կ’ապահովեն օրէնքին մէջ ներդրուած նպատակներու իրականացումը:

Նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ միջազգային փորձի վերլուծութիւնը եւս ցոյց կու տայ, որ ազգային պատկանելիութեան հիմքով քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը տարբեր երկիրներու մէջ աւելի բարդ եւ տարատեսակ ընթացակարգեր կ’ենթադրէ: Իսրայէլի մէջ, օրինակ, ծննդեան, ցեղային պատկանելիութեան ուժով հրեաներու կողմէ քաղաքացիութիւն հնարաւոր է ձեռք բերել Իսրայէլի մէջ հաստատուելու պարագային:

Կ’ակնկալուի, որ  նախագիծը պիտի նուազեցնէ ազգութեամբ հայ ներկայացող, սակայն իրականութեան մէջ հայկականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող օտար երկրացիներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն հայցելու դիմումներու քանակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment