Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Սահմանին Ականազերծման Աշխատանքներ Սկսած Են. Ermenihaber.Am

Հայ-Թրքական Սահմանին Ականազերծման Աշխատանքներ Սկսած Են. Ermenihaber.Am

by MassisPost

Մինչ Կարսի բնակիչները կը սպասեն «Տողուքափը» սահմանային անցկակէտի բացման, Հայաստան-Թուրքիա սահմանին ականազերծման աշխատանքներ սկսած են: Այս մասին հրապարակում կատարած է թրքական «GazeteKars» լրատուական կայքը, կը տեղեկացնէ Ermenihaber.am-ը:

Աղբիւրին համաձայն` իսրայէլեան ընկերութիւն մը հայ-թրքական սահմանային գօտիին մէջ կ’իրականացնէ ականազերծման աշխատանքներ: Կը նշուի, որ Կարսի Աքյաքա շրջանի Իպիշ գիւղի տարածքին արդէն 20 օր է, ինչ կ’ընթանան ականազերծման աշխատանքները:

«Օրակարգ եկած է մայրուղիներու եւ երկաթուղային ճանապարհներ ունեցող «Տողուքափը» եւ միայն ինքնաշարժի ճանապարհ ունեցող «Ալիջան» սահմանային անցակէտերու բացումը», կը գրէ «GazeteKars»-ը:

Նաեւ կը նշուի, որ վերոնշեալին մասին պաշտօնական աղբիւրներէն առայժմ տեղեկատուութիւն չկայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment