Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Եւ Թուրքիա Որոշած Են Բանալ Ցամաքային Սահմանը Այլ Երկիրներու Քաղաքացիներու Համար

Հայաստան Եւ Թուրքիա Որոշած Են Բանալ Ցամաքային Սահմանը Այլ Երկիրներու Քաղաքացիներու Համար

by MassisPost

Հայաստանը եւ Թուրքիան պայմանաւորուած են բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ:

Վիեննայի մէջ կայացած 1 Յուիլիսին կայացած հանդիպման ընթացքին, շուրջ 30 տարի դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող ու փակ սահմաններով ապրող երկու երկիրներու բանագնացներ Ռուբեն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըճը որոշած են մեկնարկել նաեւ Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումները:

Ըստ երկու Արտաքին Գործերու Նախարարութիւններուն` յատուկ ներկայացուցիչները քննարկած են յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հասնելու հնարաւոր քայլերը` ընդգծելով կարգաւորման գործընթացը առանց նախապայմաններու շարունակելու պայմանաւորուածութիւնը:

Նշենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցամաքային սահմանը փակ է 1993 թուականէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment