Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ուղիները Պիտի Գործեն Պարզեցուած Կարգով, Բայց Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Առնչութեամբ Երկիմաստութիւն Չի Կրնար Ըլլալ. Լաւրով

Ուղիները Պիտի Գործեն Պարզեցուած Կարգով, Բայց Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Առնչութեամբ Երկիմաստութիւն Չի Կրնար Ըլլալ. Լաւրով

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցական ուղիները պիտի գործեն պարզեցուած կարգով, սակայն հայկական տարածքներուն նկատմամբ Երեւանի ինքնիշխանութեան առնչութեամբ որեւէ երկիմաստութիւն չի կրնար ըլլալ, Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարեց Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

«Ինչպէս գիտէք, [Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ] երկաթգծային ուղին համաձայնեցուած է: Ներկայիս կ’աւարտի մայրուղիի համաձայնեցումը եւ կ’աւարտի այն համաձայնեցումը, որ պէտք է հաստատուի: Այն պարզեցուած պիտի ըլլայ, բայց այն հաստատապէս պիտի հիմնուի հայկական տարածքի ինքնիշխանութեան ճանաչման վրայ, եւ որեւէ երկիմաստութիւն այստեղ չի կրնար ըլլալ: Ասոնք բաներ են, որ կապուած են կիրառական գործողութիւններու հետ, որոնք կապուած են տեւական ենթակառուցուածքի ստեղծման հետ, ուստի այստեղ աւելի լաւ է տասը անգամ չափել, մինչ կտրելը: Մեր մօտ ընկալում կայ, որ ե՛ւ ատրպէյճանական, ե՛ւ հայկական գործընկերները կը շարժին հոսկէ», նշեց Սերկէյ Լաւրովը:

Հայաստան-Ատրպէյճան հաղորդակցական ուղիներու վերագործարկման անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը, սակայն այս հարցերուն պատասխանը չհնչեց:

«Ես արդէն ասացի, որ բազմաթիւ հարցերում այս ուղղութեամբ կայ համընդհանուր ընկալում եւ համաձայնութիւն: Առաջին հերթին սա վերաբերում է նրան, որ բոլոր ճանապարհները, որոնք պէտք է վերաբացուեն կամ բացուեն, մնալու են եւ գործելու են այն երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութիւնների ներքոյ, որոնց տարածքով անցնում են: Այսինքն, բնականաբար, միջանցքային տրամաբանութիւնը տեղ չունի, եւ սա ուզում եմ ընդգծել` համընդհանուր ընկալում է: Միեւնոյն ժամանակ նաեւ առիթ ունեցայ այսօր ասելու, որ կան նաեւ մի շարք մանրամասներ, բազմաթիւ մանրամասներ, որոնցում դեռեւս կողմերը տարբեր պատկերացումներ ունեն, բայց աշխատանքները շարունակւում են, եւ ես կարծում եմ, որ կ’ունենանք փոխադարձ ընդունելի լուծումներ այստեղ», նշեց Միրզոյեանը:

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, հայ-ատրպէյճանական հաղորդակցական ուղիներու վերագործարկման անդրադառնալով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս խօսած է «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին, ինչին ի պատասխան պաշտօնական Երեւանը կ’արձագանգէր, թէ ճանապարհները չեն կրնար բացուիլ «միջանցքային տրամաբանութեամբ»:

Միրզոյեանը խօսեցաւ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններէն` նշելով, թէ մէկ կողմէ Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութիւնը կը յայտարարէ, որ պատրաստ են բանալու սահմանը, բայց միւս կողմէ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Անգարան կը կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին հետ: Այս մօտեցումը Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը «ոչ-կառուցողական» համարեց:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment