Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անահիտ Աւանեսեանը Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Վարքագիծին Հարցով Դիմած Է Ազգային Ժողովի Էթիկայի Յանձնաժողով

Անահիտ Աւանեսեանը Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Վարքագիծին Հարցով Դիմած Է Ազգային Ժողովի Էթիկայի Յանձնաժողով

by MassisPost

Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը «Հայաստան» ու «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորներու կողմէ իր աշխատասենեակ մուտք գործելու եւ 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու մասունքներուն նկարները նախարարին ուղղութեամբ նետելու հարցով դիմած է Ազգային Ժողովի էթիկայի յանձնաժողովին: Աւանեսեան ըսաւ, որ «Հայաստան» ու «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորները պատգամաւորին ոչ-յարիր պահուածք դրսեւորած են Առողջապահութեան նախարարութեան մէջ:

«Ես կարծում եմ` Ազգային Ժողովում Էթիկայի յանձնաժողովը, որը կը ստեղծուի, մանրամասն կը քննի այս վարքագիծը, պատգամաւորին ոչ-յարիր գործելաոճը ու խստօրէն արձագանգ կը լինի դրան», նշեց Աւանեսեանը:

Նախարարին խօսքով` ընդդիմադիրները ոչ թէ հանդիպում կ’ուզեն, այլ` «բեմականացուած ու գռեհիկ շօ»:

«Այո՛, ոստիկանական ուժերն ու մեր բոլոր իրաւապահները պէտք է գործեն խստիւ, օրէնքի շրջանակներում», նշեց նախարարը:

Յիշեցնենք, որ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Ասփրամ Կրպէյեանը, Քրիսթինէ Վարդանեանը, «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեանը Յունիս 8-ին գացած են Առողջապահութեան Նախարարութիւն, մուտք գործած՝ նախարար Անահիտ Աւանեսեանի սենեակ, ուր նախարարը խորհրդակցութեան էր: Ընդդիմադիր պատգամաւորները նախարարին դիմաց նետած են 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու մասունքներու լուսանկարները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment