Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ Գագաթաժողովի Աւարտին Կայացած Է Փաշինեանի Ու Փութինի Առանձնազրոյցը

ՀԱՊԿ Գագաթաժողովի Աւարտին Կայացած Է Փաշինեանի Ու Փութինի Առանձնազրոյցը

by MassisPost

Հայաստանի ղեկավարը Քրեմլինի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահին հետ` երկրորդ անգամ վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին: Հանդիպումը տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ յոբելենական գագաթաժողովէն յետոյ:

Դռնփակ զրոյցէն առաջ Փաշինեան ընդգծած է, որ մտադիր է քննարկել տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու ղարաբաղեան խնդիրը, նշած է, թէ որոշ տեղեկութիւն ունի յայտնելու Քրեմլինի ղեկավարին․ «Յոյս ունեմ, որ այսօր կը քննարկենք նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, կայունութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, ինչպէս նշեցինք մեր համատեղ յայտարարութեան մէջ, նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի կարեւոր դերակատարման հետ կապուած հարցեր: Կը ցանկանայի Ձեզ հետ կիսուել որոշակի տեղեկատուութեամբ: Այնպէս որ, եւս մէկ անգամ շնորհակալ եմ հանդիպման համար»:

Թէ ինչին կը վերաբերի նոր տեղեկութիւնը, յստակ չէ:

Յստակ է, որ կողմերուն միջեւ անցեալ հանդիպման ընթացքին ընդունուած համատեղ յայտարարութեան 30 կէտերէն մէկը եւս կը վերաբերէր Մինսքի խումբին. «Կողմերը ընդգծած են հրատապ մարդասիրական խնդիրներու արագ լուծման եւ արցախեան հիմնախնդիրի քաղաքական ու դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ նշուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներուժի եւ փորձի օգտագործման կարեւորութիւնը` համաձայն անոր միջազգային մանտաթին»:

Մինչդեռ Պաքուն 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ մինչեւ օրս կը յայտարարէ, որ միջնորդական այդ խումբը այլեւս ընելիք չունի, քանի որ հակամարտութիւնը մնացած է անցեալին մէջ: Բանակցային գործընթացը աւելի բարդացած էր Ուքրանիոյ մէջ սկսած պատերազմէն յետոյ․ Մոսկուան ամիսներ առաջ յայտարարեց, որ միջնորդական այդ առաքելութիւնը այլեւս չի գործեր, քանի որ խումբի միւս համանախագահողները` Ֆրանսան եւ Միացյլալ Նահանգները չեն փափաքիր կապ ունենալ Ռուսիոյ հետ:

Չնայած այս տարաձայնութիւններուն, Հայաստանը կը պնդէ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը պէտք է շարունակել Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ: Թէ ինչպէ՞ս, եւ կա՞ն արդեօք համագործակցութեան ազդակներ արեւմտեան գործընկերներէն, պաշտօնապէս չէ յայտարարուած:

Ռուսիոյ նախագահը այս առումով հարկ համարեց ընդգծել, որ Մոսկուան կը շարունակէ աշխուժօրէն զբաղիլ ղարաբաղեան խնդիրով` եռակողմ ձեւաչափով, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ. «Մենք կը շարունակենք աշխուժօրէն աշխատիլ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ եռակողմ ձեւաչափով` Ատրպէյճանի գործընկերներուն հետ միասին»:

Վերջին անգամ եռակողմ հանդիպում եղած էր արտաքին գործերու նախարարներու մակարդակով անցեալ շաբաթ Տուշանպէի մէջ, որմէ յետոյ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը յայտարարած էր, որ Երեւանն ու Պաքուն պայմանաւորուած են այս շաբաթասկիզբին Մոսկուայի մէջ սահմանազատման յանձնաժողովի նիստ կայացնել: Մինչեւ այս պահը, սակայն, կողմերը այս հարցով չեն հանդիպած, յստակ չէ, թէ որոնք ներգրաւուած են այդ յանձնաժողովին մէջ, եւ ինչը կը խանգարէ իրենց նստիլ մէկ սեղանի շուրջ:

Քրեմլինի մէջ կայացած հանադիպման ընթացքին Վլատիմիր Փութինը եւ Նիկոլ Փաշինեանը խօսեցան նաեւ տնտեսական կապերէն, ամենաուշագրաւը թերեւս Փաշինեանի յայտարարութիւնն էր ռուսական ներդրումներուն մասին․ «Տնտեսութեան առումով ցանկանում եմ նկատել, որ Մարտ ամսին որոշակի անկումից յետոյ նկատւում է երկկողմ տնտեսական կապերի աշխուժացում: Մենք տեսնում ենք ներդրումային հետաքրքրութիւն ռուսական առեւտուրի կողմից, որն ուզում է ներդրումներ կատարել Հայաստանում: Եւ գիտեմ, որ այս հարցում Դուք եւս քաջալերում էք ռուսաստանցի գործարարներին, որպէսզի նրանք ներդրումներ կատարեն Հայաստանում: Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ դրա համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment