Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բողոքի Գործողութիւնները Որեւէ Կապ Չունին Խաղաղ Ցոյց Հասկացողութեան Հետ. Վահագն Ալեքսանեան

Բողոքի Գործողութիւնները Որեւէ Կապ Չունին Խաղաղ Ցոյց Հասկացողութեան Հետ. Վահագն Ալեքսանեան

by MassisPost

«Ես կարծում եմ` պարոն Սաղաթէլեանը պէտք է սկսի արդէն ինչ-որ մի հատոր գրել այն մասին, թէ ինչպէս չանդամալուծուած քաղաքն անուանել անդամալուծուած, ինչպէս չկանգնած երկիրն անուանել կանգնած, ու այդպէս շարունակ: Եթէ Իշխան Սաղաթէլեանն այս կշռոյթներով շարունակի, այն է` հերքելով բացարձակ ու ակնյայտ ճշմարտութիւնները` ինչ-որ օդից արտայայտութիւններ անի, շուտով նա կը յայտարարի, որ իր հրամանով է, որ արեւը երեկոյեան մայր է մտնում, եւ միայն իր հրամանով է այն առաւօտեան նորից ծագում», ըսաւ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանը:

Անոր խօսքով` իրականութեան մէջ այս ամէնը շատ ծիծաղելի է, եւ իրեն կը հետաքրքրէ, թէ չ’ամչնա՞ր արդեօք Իշխան Սաղաթէլեանը, երբ ամէն օր կանգնելով նոյն երկու-երեք հազար մարդու առաջ, կը յայտարարէ բաներ, որոնք իրականութիւն չեն:

Խօսելով այն մասին, որ ընդդիմութիւնը կը յայտարարէ, որ ոստիկանութիւնը իրենց  նկատմամբ անհամաչափ ուժ եւ բռնութիւն կը գործադրէ, Վահագն Ալեքսանեան ըսաւ, թէ որքանով հետեւած է այդ գործողութիւններուն, այնտեղ տեսած է խիստ յարձակողական, այլատեաց ցուցարարներ, որոնք հարուածած են ինքնաշարժներու դուռերուն, որոնք կոտրած են ինքնաշարժի մը հայելին, կան տեսարաններ, որ Էտուարտ Շարմազանովի գլխաւորած ինչ-որ խումբ մը կը յարձակի հերթական վարորդի վրայ, շիշով կը հարուածէ անոր, տեսած է տեսարաններ, թէ ինչպէս կը յարձակին ճանչցուած ու սիրուած դերասան Սօս Ջանիբեկեանի վրայ` ընդամէնը փողոցին մէջ քալած ատեն, եւ վերջիվերջոյ տեսած է, թէ ինչպէս Կիւմրիի մէջ ծեծած են տարիքով տղամարդիկը:

«Ու երբ որ այս պապիկ ծեծողները ու նրանց հովանաւորները խօսում են բռնութիւնից կամ ոստիկանութեան անհամաչափ գործողութիւններից, այստեղ պէտք է հաստատել մի շատ կարեւոր փաստ` այն ցոյցերը, գործողութիւնները, բողոքի շարժումները, որոնք իրենք անում են, ոչ մի կապ չունեն խաղաղ ցոյց հասկացողութեան հետ. խաղաղ ցոյցը միջազգային իրաւական եզր է, որն ունի իր յստակ բացատրութիւնը, երբ շարժումի մասնակիցները խաղաղ են, չեն գործադրում բռնութիւն, բռնութեան կոչեր չեն անում, այլատեացութիւն չեն դրսեւորում, չեն թիրախաւորում այլ քաղաքացիների: Սա դրա հետ ընդհանրապէս կապ չունի: Ու այսօրուայ տեսարանները ես տեսել եմ, ու ամենաբռնի գործողութիւնը, որ ընկել է իմ աչքով, դա Աննա Մկրտչեանի կողմից ոստիկանին բռնի կերպով գրկելն ու մեքենային սեղմելն է եղել», ըսաւ Վահագն Ալեքսանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment