Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաքուին Փոխանցուած 6-Կէտնոց Փաստաթուղթը Կը Ներառէ Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Վերջնական Կարգավիճակի Հարցը․ Մարուքեան

Պաքուին Փոխանցուած 6-Կէտնոց Փաստաթուղթը Կը Ներառէ Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Վերջնական Կարգավիճակի Հարցը․ Մարուքեան

by MassisPost

Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին Երեւանը նաեւ առձեռն Պաքուին փոխանցած է 6-կէտնոց փաստաթուղթը, որ կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը, ըսած է Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանը:

Մարուքեանը շեշտած է, որ հայկական կողմը առաջարկած է երկու օրակարգերու հիման վրայ սկսիլ բանակցութիւններ` խաղաղութեան պայմանագրին ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական կողմը համաձայնած է այս մօտեցման, որմէ յետոյ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններ ձեռնարկելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է:

Այսօր Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը յայտնած էր, որ դեռ Փետրուարին ատրպէյճանական կողմը Հայաստանին ներկայացուցած է 5 հիմնական առաջարկներ, որոնք հիմնուած են խաղաղութեան համաձայնագրի հիմնական սկզբունքներու վրայ` շեշտելով, որ «սակայն Հայաստանը նշած է, թէ անոնք իրենց յարմար չեն»:

Չնշելով թէ Երեւանը ինչ առաջարկներ ներկայացուցած է, Պայրամով նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանի ներկայացուցած փաստաթուղթը դժուար է առաջարկ անուանել: Անոր բնորոշմամբ, «հայկական կողմի փաստաթուղթը եղած է հակազդման տեսքով` ընդդէմ Ատրպէյճանի առաջարկներուն»:

Պաշտօնական Երեւանը յայտարարած էր, որ Պաքուէն Երեւանին փոխանցուած առաջարկներուն մէջ մեծ հաշուով անընդունելի ոչինչ կայ: Աւելի ուշ, ընդհանրական խօսելով Երեւանի պատասխանին մասին, Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ըսած էր, որ հայկական կողմին համար «սկզբունքային եւ հիմնարար է, որ յստակ երաշխաւորուին արցախահայութեան իրաւունքները եւ ազատութիւնները, վերջնականապէս յստակացուի Ղարաբաղի կարգավիճակը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment