Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կիւմրիի Մէջ Տարեց Տղամարդոց Նկատմամբ Բռնութիւն Գործադրելու Դէպքով Կան Ձերբակալուածներ

Կիւմրիի Մէջ Տարեց Տղամարդոց Նկատմամբ Բռնութիւն Գործադրելու Դէպքով Կան Ձերբակալուածներ

by MassisPost

Պարզուած է Կիւմրիի Երեւանեան խճուղիին մէջ, ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած երթի ընթացքին, տարեց տղամարդոց նկատմամբ բռնութիւն գործադրած երիտասարդներէն երեքին ինքնութիւնը, կը յայտնէ Քննչական Կոմիտէն:

ՔԿ-ի հաղորդմամբ` անոնցմէ մէկը Արագածոտնի մարզի` 1991-ի ծնունդ բնակիչ Գոռ Սարգսեանն է, միւսը` Երեւան քաղաքի՝ 1999-ի ծնունդ բնակիչ Տարօն Մանուկեանը, իսկ երրորդը` Արարատի մարզի բնակիչ՝ 1990-ի ծնունդ Արսէն Մարտոյեանն է:

Գոռ Սարգսեանը եւ Տարօն Մանուկեանը ձերբակալուած են, իսկ Արսէն Մարտոյեանը ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ եւ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար քննիչը որոշում կայացուցած է վերջինս ձերբակալելու մասին:

Քննչական Կոմիտէն կը հաղորդէ, որ նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Միջոցներ կը ձեռնարկուին միջադէպին մասնակից միւս անձերուն ինքնութիւնը պարզելու եւ անոնց արարքներուն համապատասխան քրէաիրաւական գնահատական տալու ուղղութեամբ:

Կիւմրիի Երեւանեան խճուղիին մէջ կանգնած քաղաքայիններուն եւ ընդդիմութեան երթի մասնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցած վիճաբանութեան մասին Քննչական Կոմիտէն հաղորդած է երէկ:

Գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան ըսած է, որ դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ Քրէական Օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 4-րդ մասի յատկանիշներով` խուլիկանութիւնը, որ կատարուած է զէնքի կամ որպէս զէնք օգտագործուող առարկաներու գործադրմամբ:

Նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է տուժած տղամարդոց ինքնութիւնը, որոնք 74, 56, 72 եւ 84 տարեկան քաղաքացիներ են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment