Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ICAO-Ն Եւ Հայաստանի ԱԳՆ-ն Կը Զբաղին «Flyone Armenia»-ի Հարցով

ICAO-Ն Եւ Հայաստանի ԱԳՆ-ն Կը Զբաղին «Flyone Armenia»-ի Հարցով

by MassisPost

«FlyOne Armenia»-ի վերաբերեալ Թուրքիոյ օդային փոխադրութեան իշխանութիւններուն յայտնի որոշմամբ կը զբաղին Միջազգային Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կազմակերպութիւնը` ICAO-ն եւ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

 

Օրերս յայտնի դարձաւ, որ թրքական օդային փոխադրութեան իշխանութիւնները զրկած են «FlyOne Armenia»-ն` Թուրքիոյ օդային տարածքով դէպի եւրոպական երկիրներ թռիչքներ իրականացնելու հնարաւորութենէն:

Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէի Օդային Փոխադրումներու Կարգաւորման Վարչութեան պետի պաշտօնակատար Ստեփան Փայասլեանի խօսքով` օդանաւային ընկերութիւնը դիմած է իրենց, սակայն Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու եւ օդային փոխադրութեան ոլորտը կարգաւորող միջպետական համաձայնագրի բացակայութեան պատճառով` կոմիտէն զրկուած է Թուրքիոյ Քաղաքացիական Օդագնացութեան գլխաւոր վարչութիւն ուղիղ դիմելու հնարաւորութենէն: Ուստի դիմած է ICAO, Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն եւ Տարածքային Կառավարման եւ Ենթակառուցուածքներու Նախարարութիւն, որուն կազմին մէջ կը գործէ կոմիտէն:

«Տակաւին պատասխանը չենք ստացել, գիտեմ, որ հարցը քննարկման փուլում է, թէ ճշգրիտ ինչ միջոցառումներ են իրականացւում, եւ ինչ գործողութիւններ կան այդ հարցի լուծման ուղղութեամբ, մեզ տակաւին յայտնի չեն», ըսաւ Ստեփան Փայասլեանը:

Անցեալ տարի ստեղծուած «FlyOne Armenia»-ի բաժնետոմսերու կէսէն աւելին, ըստ մամուլին, կը պատկանի Ազգային Ժողովի իշխանական պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանի ընտանիքին փոխկապակցուած անձերու, միւս մասը` մոլտովացի երկու նախկին պաշտօնեաներու:

Գրեթէ մէկ շաբաթ առաջ ընկերութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, թէ Թուրքիոյ օդային փոխադրութեան իշխանութիւններու նման որոշման հետեւանքով ստիպուած է մինչեւ Յունիս 10 չեղարկել Երեւան-Լիոն-Երեւան ու Երեւան-Փարիզ-Երեւան ուղղութիւններով թռիչքները: Միաժամանակ, Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան թռիչքը կը շարունակէ իրականացուիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment