Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Համահայկական եւ Միջ-Կրօնական Աղօթք եւ Զօրակցութիւն Յանուն Հայրենիքի եւ Հայոց Բանակին

Համահայկական եւ Միջ-Կրօնական Աղօթք եւ Զօրակցութիւն Յանուն Հայրենիքի եւ Հայոց Բանակին

by MassisPost

Իր տեսակին մէջ եզակի հաւաքոյթ մըն էր որ տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի, 3 Ապրիլ, 2022 Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ£ Շուրջ 500 հոգի եկած էին միատեղ աղօթելու եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու «Յանուն Հայրենիքի եւ Հայոց Բանակին »: Ներկաներուն մէջ էին Լոս Անճելոսի քաղաքապետ Էրիգ Կարսեթի, ինչպէս նաեւ  քաղաքական եւ կրօնական բարձրաստիճան ներկայացոիչներ:

Սոյն միջոցառումը կազմակերպող հայ գաղութի յարանուանութեանց առաջնորդներ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Գերպ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, հայրենաշունչ ելոյթներով, հայոց բանակի քաջամարտիկներու սխրագործութիւններն ու նուիրումը արժեւորեցին, զանոնք նկատելով սրբազան պարտականութիւն սուրբ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արցախի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու այլ հոգեւորականներ: Անոնք աղօթեցին մեր նահատակ հերոս զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Յատկապէս այս օրերուն` երբ Հայրենիքն ու Արցախը կ’ապրին ծանր օրեր:

Joint Prayer-garcety

Հայութեան արդար դատի ի խնդիր զօրակցական ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Հարաւային Գալիֆորնիոյ տարբեր յարանուանութեանց ¤ղպտի, ասորի, կաթողիէ, աւետարանական¥ եկեղեցիներու առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ, ստեղծելով էքիւմէնիք մթնոլորտի գեղեցիկ խճանկար մը:

Իր ելոյթին մէջ Լոս Անճելոսի քաղաքապետ Էրիգ Կարսեթթին բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդի նուիրուածութիւնն ու մարտունակութիւնը եւ միաժամանակ դատապարտեց բռնարարքներն ու ոտնձգուտթիւննեը խաղաղ բնակիչներուն դէմ:

Աղօթքի եւ զօրակցութեան այս խորհրդաւոր միջոցառումն աւարտեցաւ Արեւմտեան Թեիմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Սրբազանի եզրափակիչ խօսքով£ Ան յատկապէս շեշտեց. «Մնանք հաստատ մեր ուխտին մէջ, մնանք աղօթքի մէջ եւ ամենէն կարեւորը միմիանց սիրենք յանուն հայրենիքի անսասանութեան« որն այս փորձութեան ժամանակներուն արիւնաքամ վիճակի մէջ է:

Խոնարհինք մեր սրբազան հայրենիքի առջեւ, քանզի ան պարգեւն է Աստուծոյ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment