Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատերազմ՝ Թ՞է Խաղաղութիւն

Պատերազմ՝ Թ՞է Խաղաղութիւն

by MassisPost

Այս շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած է Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի հրաւէրով Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Փաշինեան-Ալիեւ հերթական հանդիպումը: Կ՛ըսուի թէ այս հանդիպումին  նպատակն է արժեւորել այն  զարգացումները, որոնք տեղի ունեցան իրենց վերջին հանդիպումէն ասդին եւ ապա քննարկել հետագայ ուղիները՝ հասնելու անվտանգ, կայուն ու բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի, ի շահ տարածաշրջանին մէջ ապրող ժողովուրդներուն: Կը նշուի նաեւ, որ ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ յատկապէս հաղորդակցութեան հարցը:

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործերու նախարար Զպիկնեւ Ռաու վերջերս այցելելով Երեւան եւ Պաքու կոչ ըրած էր երկու երկիրներուն՝ բարեխղճօրէն մասնակցելու բանակցութիւններուն‘ հասնելու համար բոլոր չլուծուած խնդիրներու համապարփակ կարգաւորման:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն ասդին շատ բան փոխուեցաւ ո՛չ միայն կովկասեան տարածաշրջանէն ներս, այլ ամբողջ աշխարհը մատնուեցաւ տագնապի: Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմի հետեւանքով յառաջ եկան աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներ:

Հակառակ որ, բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուքրանիոյ վրայ, կը թուի թէ ե՛ւ Ռուսաստանը ե՛ւ Եւրոպան չեն անտեսած հարաւային Կովկասը, ուր կը շարունակէ տիրել սուր իրավիճակ՝ ատրպէյճանական կողմի Արցախի դէմ շղթայազերծած սադրիչ գործողութիւններուն պատճառաւ: Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ հեռաձայնային շփումները այս օրերուն դարձած են մնայուն: Եւրոպական կառոյցներու ղեկավարները՝ մէկը միւսի ետեւէն կ՛այցելեն տարածաշրջան: Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Թոնի Պլինքըն եւս անմասն չի մնար տեղի ունեցող զարգացումներէն՝ յաճախ զրուցելով վարչապետ Փաշինեանի հետ:  Թէ այս  բոլորը ի~նչ բանի կրնան յանգեցնել, անշուշտ տակաւին յստակ  չէ եւ ժամանակի կը կարօտի՝ կացութիւնը բիւրեղանալու համար:

Հայաստան իր կողմէ կ՛ընդառաջէ բոլոր տեսակի դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն, ցոյց տալով միջազգային հանրութեան,  որ պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի  շուրջ բանակցութիւններ սկսելու, որուն մէջ կը մտնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, որ, ինչպէս յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Հայաստանի համար սկզբունքային հարց է:

Այս կացութեան առջեւ ընդդիմութիւնը հանրահաւաք կազմակերպած էր բողոքելու համար  իշխանութիւններուն առած քայլերուն դէմ, աղմկելով, որ խաղաղութեան մասին խօսելով Փաշինեան կը պատրաստուի  Արցախը յանձնել Ատրպէյճանին: Առաջին անգամ չէ որ, նախկին իշխանութիւնները նման «ահազանգ» կը հնչեցնեն: Անցնող ամիսներուն աղմուկ բարձրացուցած էին Սիւնիքի յանձնումի եւ կամ Զանգեզուրով միջանցք տալու մասին եւ նման այլ յոռետեսական կանխատեսումներ, որոնք բոլորն ալ սխալ դուրս եկան: Ամէն անգամ որ, Ռուսաստան եւ կամ Եւրոպական կառոյցներ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման նախաձեռնութեամբ հանդէս գան, ընդդիմութեան շրջանակներուն կողմէ կը կրկնուի «Արցախը ծախելու» մասին յանկերգը:

Բոլորս ալ գիտենք որ, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը հայութեան համար թշնամի երկիրներ են: Պետութիւններ կը բանակցին իրենց թշնամիներուն հետ եւ ո՛չ թէ բարեկամներուն: Մեր աչքին առջեւ ունինք Ուքրանիոյ օրինակը, որ ռմբակոծումներու, աւերուածութեան, միլիոնաւոր գաղթականներու եւ հազարաւոր զոհերու պայմաններուն տակ բանակցութիւններ կը վարէ Ռուսաստանի հետ՝ իր երկրի ապագային շուրջ, իսկ նախագահ Զելենսքի հանդիպում կը պահանջէ Ռուսաստանի իր պաշտօնակիցին հետ:

Իշխանութիւններու վարած խաղաղութեան քաղաքականութիւնը ամենէն իրատեսական է ներկայ հանգրուանին: Մէկ կողմէ բարի կամեցողութիւն ցոյց տալով կը փորձուի  Հայաստանն ու Արցախը հեռու պահել նոր պատերազմէ, իսկ միւս կողմէ ժամանակ շահելով կը վերակազմակերպուի ու կ՛արդիականացուի բանակը, որմէ ետք արդէն կը գտնուինք նոր իրականութեան առջեւ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment