Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը Որպէս Գերի Կը ՊահԷ 38 Անձ, Որոնցմէ 3-ը Քաղաքացիական Անձեր Են

Ատրպէյճանը Որպէս Գերի Կը ՊահԷ 38 Անձ, Որոնցմէ 3-ը Քաղաքացիական Անձեր Են

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանը որպէս գերի կը պահէ 38 անձ, որոնցմէ  3-ը քաղաքացիական անձեր են: Միրզոյեան այս մասին յայտնեց Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Մշտական Յանձնաժողովի նիստին` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2022 թուականի Փետրուար 28-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագրի (2021-2026 թթ.) 2021 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու զեկոյցի մասին» որոշմամբ հաւանութեան արժանացած զեկոյցի ներկայացման ընթացքին:

«Ատրպէյճանում դեռեւս ապօրինաբար պահւում են հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիական անձինք: Եւ Հայաստանը շարունակում է միջազգային տարբեր ձեւաչափերով բարձրաձայնել Ատրպէյճանում պահուող հայ ռազմագերիների, պատանդների եւ այլ պահուող անձանց անյապաղ վերադարձի հարցը: Ատրպէյճանը դեռեւս պահում է 38 անձի` ռազմագերի, պատանդ եւ այլ կարգավիճակով պահուող անձինք: 38-ից 3-ը քաղաքացիական անձինք են: Ուշագրաւ է, որ 38-ից 2-ը գերեվարուել են նախքան Նոյեմբերի 16-ը տեղի ունեցած մագլցողական քայլը», ըսաւ Միրզոյեան:

Խնդիրը 2021-ի Ապրիլ 19-ին ներառուած է ԵԽԽՎ ապրիլեան նստաշրջանի օրակարգին մէջ, կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ ՄԻԵԴ-ի միջանկեալ միջոցներու կիրառման վերաբերեալ որոշումը:

2021-ի Մայիս 20-ին Եւրոպական Խորհրդարանը 607 անդամներու ձայնով ընդունած է հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման եւ վերադարձի կոչ ընող բանաձեւ:

Միրզոյեան յիշեցուց ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2021-ի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումները: Դատարանը հրատապ միջոցներու կիրառմամբ պարտաւորեցուցած է Ատրպէյճանին կանխել ազգութեամբ հայերը թիրախաւորող ցեղապաշտական ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումը եւ խթանումը, անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի եւ պղծման գործողութիւնները` ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ:

Նախարարը շեշտեց, որ Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարին բարձրացուցած մօտեցումները այն մասին, որ պէտք է ստեղծել յանձնաժողով, որ պէտք է զբաղի «աղուանական մշակութային կոթողներու վերականգնմամբ», հրատապ կը դարձնէ յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ առաքելութեան գործուղումը Լեռնային Ղարաբաղ: Եւ հայկական կողմը այս ուղղութեամբ այժմ բանակցութիւններ կը վարէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment