Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արցախի Հայութեան Բոլոր Իրաւունքները Եւ Կարգավիճակի Հարցը Մեզի Համար Կը Մնան Սկզբունքային․ Արարատ Միրզոյեան

Արցախի Հայութեան Բոլոր Իրաւունքները Եւ Կարգավիճակի Հարցը Մեզի Համար Կը Մնան Սկզբունքային․ Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

Մարտ 10-ին Երեւանին փոխանցուած ատրպէյճանական առաջարկներուն մէջ մեծ հաշուով անընդունելի ոչինչ կայ, այլ բան, որ այդ հարցերը, այդ առաջարկները ամբողջապէս չեն հասցէագրեր Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան հնարաւոր օրակարգը, եւ մեր պատասխանները եկած են ամբողջացնելու այդ օրակարգը, Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան:

«Առանցքային եւ սկզբունքային ենք համարում Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներն ու ԼՂ կարգավիճակի հարցի հասցէագրումը, ահա այս ամբողջական հենքի վրայ պատրաստ ենք սկսել բանակցութիւններ եւ հէնց այս առաջարկով էլ դիմել ենք ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեանը` կազմակերպելու խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններ` ՄԱԿ կանոնադրութեան, Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքների միջազգային դաշնագրի եւ Հելսինքիի Եզրափակիչ վճիռի հիման վրայ», պատգամաւորներու հարցերուն պատասխանելով ըսաւ նախարարը` եւս մէկ անգամ շեշտելով, որ բանակցութիւնները դեռ չեն սկսած:

«Երբ որ քաղաքական կարգաւորումը կողմերի համար ընդունելի գտնուի, այն պէտք է յանձնուի թղթին եւ ամրագրուի որեւէ պայմանագրով… Մենք որեւէ հակասութիւն չենք դնում տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի միջեւ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատումը, մեր խորին համոզմամբ, որեւէ կերպ չի վերաբերում Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներին, կարգավիճակին եւ այլն», շեշտեց Միրզոյեան` եւս մէկ անգամ յիշեցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը տարածքային չէ, Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային ոտնձգութեան հարց չէ. «Այն բացառապէս եւ ամբողջովին Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքների հարց է»:

«Նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահները եւ համանախագահող երկրները 2021-ին ընդունել են 11 յայտարարութիւն, որոնցում յստակօրէն արձանագրուել է, որ ԼՂ-ի հիմնախնդիրը դեռեւս լուծուած չէ եւ պէտք է կարգաւորուի կողմերին յայտնի սկզբունքների եւ տարրերի հիման վրայ», յաւելեց արտաքին գործերու նախարարը:

Պաշտօնական Երեւանը անցեալ շաբթուայ սկիզբը յայտարարած էր, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման բանակցութիւններուն համար դիմած է Մինսքի խմբակի համանախագահութեան: Մինսքի խմբակէն պաշտօնական հրապարակային պատասխան առայժմ չկայ: Ատրպէյճանը եւս մինչ օրս անարձագանգ թողած է խաղաղութեան բանակցութիւնները Մինսքի խմբակի ձեւաչափով անցընելու` Հայաստանի առաջարկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment