Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Թրիւտօ Անդրադարձած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Լարուածութեան Աճին

Փաշինեան Եւ Թրիւտօ Անդրադարձած Են Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Լարուածութեան Աճին

by MassisPost

Հայաստանի ու Գանատայի վարչապետները հեռախօսազրոյց ունեցած են` քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան աճը: Տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման առումով, Նիկոլ Փաշինեան ու Ժասթին Թրիւտօն կարեւորած են ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին համապարփակ կարգաւորումը:

Անոնք անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, այդ շարքին` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան, կը փոխանցէ հայկական կողմը:

Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւս զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է` ըստ հաղորդագրութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment