Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կեդրոնական Դրամատունը Նախկին 5․3%-ի Փոխարէն Ընդամէնը 1․6% Տնտեսական Աճ Կը Կանխատեսէ

Կեդրոնական Դրամատունը Նախկին 5․3%-ի Փոխարէն Ընդամէնը 1․6% Տնտեսական Աճ Կը Կանխատեսէ

by MassisPost

ՀՀ Կեդրոնական Դրամատունը վերանայած է տնտեսական աճի կանխատեսումը, 2022-ի համար կը կանխատեսուի 1,6 տոկոս տնտեսական աճ: Այս մասին ըսած է Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեանը:

«Տնտեսական աճի հետ կապուած կանխատեսումները նախկին 5.3 տոկոսի փոխարէն իջեցուել են մինչեւ 1.6 տոկոս», ըսաւ Գալստեան:

Կեդրոնական Դրամատունէն կը նշեն, որ Ռուսաստանի դէմ կիրառուած պատժամիջոցներու ազդեցութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ պիտի արտայայտուի տնտեսական աճի կշռոյթներու զգալի դանդաղմամբ:

Կանխատեսուող ցուցանիշի իջեցումը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է արդիւնաբերութեան ճիւղին մէջ որոշակի նուազեցմամբ: «Մենք կանխատեսում էինք, որ արդիւնաբերութեան ճիւղը պէտք է 2022-ին աճէր 1,6 տոկոս, այնինչ նոր զարգացումների ներքոյ, երբ տեսնում ենք, որ կան որոշակի խնդիրներ հանքարդիւնաբերութիւնում, մշակող արդիւնաբերութիւնում, արդիւնաբերութեան ճիւղի -4.7 տոկոս ցուցանիշ է դրուած», ըսած է Գալստեան:

Որոշակի նուազում կայ նաեւ շինարարութեան ճիւղին մէջ. նախապէս կանխատեսած 16.8 տոկոսի փոխարէն Կեդրոնական Դրամատունը կը կանխատեսէ 7 տոկոս աճ : Ծառայութիւններու ճիւղին մէջ կանխատեսումը 5.9 տոկոսէն իջած է 3.2 տոկոսի:  Միակ ճիւղը, որ որոշակի աւելի դրական զարգացում պիտի ունենայ նախկին կանխատեսումներուն համաձայն, գիւղատնտեսութեան ճիւղն է:

ՀՆԱ-ի աճը կանխատեսելով, Կեդրոնական Դրամատունը վերցուցած է այն հարկապիւտճէտային քաղաքականութիւնը, որ կ’ենթադրուէր մինչեւ ցնցումը: ՀՆԱ-ի այս կանխատեսման մէջ հարկապիւտճէտային քաղաքականութեան փոփոխութիւն տակաւին արտացոլուած չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment