Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անթալիոյ Համաժողովին Մասնակցելու Դրական Պատասխան Հայաստանէն Դեռ Չենք Ստացած. Չաւուշօղլու

Անթալիոյ Համաժողովին Մասնակցելու Դրական Պատասխան Հայաստանէն Դեռ Չենք Ստացած. Չաւուշօղլու

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ֆինլանտացի պաշտօնակիցին հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, խօսելով հայ-թրքական կարգաւորման նոր գործընթացին մասին, յայտնած է, որ յատուկ ներկայացուցիչներուն յաջորդ հանդիպումը Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայկական կողմին ցանկութեամբ:

Ան նշած է, որ կողմերուն միջեւ հեռախօսազրոյցին ժամանակ առաջարկուած է բանագնացներուն երկրորդ հանդիպումը կայացնել Վիեննայի կամ Ժընեւի մէջ:

«Պարոն Սերտարի հետ խորհրդակցեցանք եւ հաշուի առնելով նախապէս Ժընեւի մէջ արձանագրուած անյաջողութիւնը` որոշեցինք Վիեննան ընտրել, որպէսզի նոյնը չշարունակուի», ըսած է թուրք նախարարը:

Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու` Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24 Փետրուարին, Վիեննայի մէջ: Բանագնացներու հանդիպման օրակարգին մասին առայժմ ոչինչ կը հաղորդուի:

Անդրադառնալով Մարտին Անթալիոյ մէջ կայանալիք դիւանագիտական համաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան, Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը յայտնած է, որ Հայաստանէն դեռ դրական պատասխան չեն ստացած:

«Գիտնականներուն եւ միւս հրաւիրեալներուն հետ մէկտեղ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբինեանին եւ արտաքին գործերու նախարարին հրաւէր ուղարկած ենք: Փաշինեանին հրաւէր չենք ուղարկած, երկիրներու ղեկավարներուն նախագահը հրաւէր կ’ուղարէ: Այս պահուն մօտ 60 նախարար հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը: Հայաստանէն հաստատում դեռ չենք ստացած», ըսած է Չաւուշօղլուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment