Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 8 Հայաստանցի Գերիներ Վերադարձած են Երեւան

8 Հայաստանցի Գերիներ Վերադարձած են Երեւան

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը հաստատեց Ատրպէյճանէն 8 գերիներու վերադարձին փաստը` հրապարակելով անոնց անուն-ազգանունները:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը կը շեշտէ, որ 8 հայ ռազմագերիներուն վերադարձը հայրենիք տեղի ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ, Փետրուար 4-ին տեղի ունեցած հեռավար հանդիպման շնորհիւ:

«Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի գործուն միջնորդութեամբ, 2022 թուականի Փետրուար 7-ին, եւս ութ հայ զինուորներ ազատ արձակուած եւ ապահով ժամանած են Երեւան», հաղորդած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը:

Աւելի առաջ, Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնաժողովը յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը Հայաստան վերադարձուցած է եւս 8 հայ զինուոր, նշելով որ անոնց շարքին կան նաեւ 2021 թուականի Նոյեմբեր 16-ի իրադարձութիւններուն ժամանակ ձերբակալուածներ:

Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Թուիթըրի մէջ գրած է․ «Ատրպէյճանի կողմէ 8 հայ ձերբակալուածներու ազատ արձակումն ու հայրենադարձումը Ֆրանսայի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպմանս յաջորդած դրական զարգացումներու եւս մէկ նշան է: Եւրոմիութիւնը կը սատարէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ալ, նոյնպէս Թուիթըրի մէջ, գրած է․ «Ութ հայ ձերբակալուածներ ազատ արձակուեցան Ատրպէյճանի կողմէ եւ Պաքուէն տեղափոխուեցան Երեւան: Անոնք կը վերագտնեն իրենց ընտանիքները, որոնցմէ բաժնուած էին ամիսներ առաջ: Շնորհակալութիւն այս գործողութեան մէջ համախմբուած մեր դիւանագէտներուն, ինչպէս նաեւ զինուորականներուն: Կը շարժինք յառա՛ջ»:

Թուիթըրի մէջ գրառում կատարած է նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը․ «Կ’ողջունենք հայաստանցի ձերբակալուածներու ազատ արձակումը Ատրպէյճանի կողմէ: Կարեւոր մարդասիրական արարք, որ կը յաջորդէ Ատրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին` Ուրբաթ օր կայացած քառակողմ հանդիպման»:

Այսպիսով, մինչեւ օրս Ատրպէյճանը Հայաստանին յանձնած է գերեվարուած ընդհանուր թիւով 149 զինուոր եւ քաղաքացիական անձ: Պաշտօնական տուեալներով` ատրպէյճանական բանտերուն մէջ դեռ կը պահուի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ յետոյ գերեվարուած մօտ չորս տասնեակ հայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment