Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Մայիսին Հայաստանի Մէջ Պիտի Սկսի Գործել Հակափտածութեան Դատարանը

Մայիսին Հայաստանի Մէջ Պիտի Սկսի Գործել Հակափտածութեան Դատարանը

by MassisPost

2019 Հոկտեմբերին Հայաստանը ընդունած էր հակափտածութեան ռազմավարութիւն, որ կ’ենթադրէ նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ մասնագիտացած մարմիններու ստեղծում:

Մօտ մէկ տարի ուշացմամբ ու գործընթացի ձգձգմամբ կ’ակնկալուի, որ Մայիսին Հայաստանի մէջ ի վերջոյ պիտի սկսի գործել հակափտածութեան մասնագիտացած դատարան, որ պիտի ունենայ Առաջին ատեանին մէջ 10 քրէական, 5 քաղաքացիական, Վերաքննիչին մէջ` 6 քրէական եւ 6 քաղաքական գործերով դատաւորներ:

«Որպէս հակափտածութեան հաստատութենական համակարգի մի տարր, ի թիւս Փտածութեան Կանխարգելման Յանձնաժողովի եւ Հակափտածութեան Կոմիտէի, նախատեսւում էր նաեւ Հակափտածութեան դատարանի ստեղծում», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Արդարադատութեան Նախարարութեան հակափտածութեան քաղաքականութեան վարչութեան պետ Քրիսթինէ Կապուզեանը:

«Քովիտ»ի, պատերազմին յառաջացուցած ճգնաժամին, ապա նախագահին կողմէ Սահմանադրական դատարան դիմելու պատճառով մօտ մէկ տարի ուշացած, այժմ հակափտածութեան կառոյցները մէկը միւսին ետեւէն կը սկսին գործել:

Այդ շարքին մէջ վերջինը` այժմ կազմաւորուող Հակափտածութեան դատարանը, Կապուզեանի փոխանցմամբ, պիտի ունենայ բարեվարքութեան ստուգում անցած դատաւորներ. «Օրինակ, վերջին հինգ տարուայ ընթացքում կարգապահական տոյժի ենթարկուած դատաւորներ չեն կարող լինել: Բացի այդ, միջազգային փորձագէտներ են ներգրաւուելու այդ ընտրութեան գործընթացում: Նաեւ գրաւոր որակաւորման քննութիւններ, հարցազրոյցներ, որոնք միտուած են նաեւ անձնական որակները, բարեվարքութիւնը ստուգելուն եւ այլն: Այդ միջոցներով հնարաւորինս ապահովուի բարձր մասնագիտական որակ»:

Արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնեան կը յաւելէ, որ ընտրուած դատաւորները վերապատրաստում պիտի անցնին Արդարադատութեան ակադեմիային մէջ. «Մասնագիտացուածութեան տեսանկիւնից այստեղ որոշակի յատկորոշում է առկայ, եւ յաճախ դատաւորները պէտք է առնչուեն ֆինանսական բարդ համապատկերների հետ եւ այլն, որը իրենից ենթադրում է յատուկ ուսուցում, որոշակի վերապատրաստում եւ այլն»:

Ընդհանուր առմամբ, նպատակ դրուած է, որ նոր դատարանը գործերը պէտք է քննէ արագ ու արդիւնաւէտ, դատաւորները պէտք է վայելեն հանրային վստահութիւն եւ ունենան մասնագիտական բարձր որակներ, ստանան միւս դատաւորներէն մօտ 70 տոկոսով բարձր աշխատավարձ: Սա հարցեր յառաջացուցած է ոլորտի մասնագէտներու շրջանակին մէջ:

Ըստ գործող օրէնքին, ապօրինի գոյք ունեցող պաշտօնեան կրնայ համաձայնիլ գոյքին 75 տոկոսը վերադարձնել պետութեան, տնօրինել 25 տոկոսը եւ այդպիսով կանխել գործը դատարան ուղարկելը, ուր պարտուելու պարագային հնարաւոր է կորսնցնել գոյքը 100 տոկոսով: Սակայն Հայաստանի մէջ, ուր նախկին պաշտօնեաներէն շատերը յայտնի են իրենց շքեղ առանձնատուներով եւ այլ ունեցուածքով, չկայ գոնէ մէկ ապօրինի գոյքի աւարտած վարոյթ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment