Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայկ Սարգսեան Կ’առաջարկէ Զինուորական Ծառայութենէն Ազատել Մարտական Գործողութիւններու Զոհերուն Կրտսեր Եղբայրները

Հայկ Սարգսեան Կ’առաջարկէ Զինուորական Ծառայութենէն Ազատել Մարտական Գործողութիւններու Զոհերուն Կրտսեր Եղբայրները

by MassisPost

Եթէ պատերազմի ժամանակ զոհուած է հայրը կամ եղբայրներէն մէկը, ապա ընտանիքին կրտսեր եղբայրը, ըստ իշխանական պատգամաւորին, կրնայ ազատուիլ զինուորական պարտադիր ծառայութենէն:

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեան կ’առաջարկէ զինուորական պարտադիր ծառայութենէն ազատել մարտական գործողութիւններու զոհերուն կրտսեր եղբայրները: Այսինքն` եթէ պատերազմի ժամանակ զոհուած է հայրը կամ եղբայրներէն մէկը, ապա ընտանիքին կրտսեր եղբայրը, ըստ իշխանական պատգամաւորին, կրնայ ազատուիլ զինուորական պարտադիր ծառայութենէն:

Նախագիծին հեղինակը այս միտքը յղացած է 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն յետոյ զոհուածներու ընտանիքներուն հետ հանդիպումներու հետեւանքով: Նախագիծը օրէնք դառնալու պարագային պիտի վերաբերի մարտական բոլոր գործողութիւններուն ժամանակ տեղի ունեցած մահուան ելքով միջադէպերուն:

«Նախ [զոհուածների հարազատները] գտնւում են ծանր հոգեբանական վիճակում եւ չեն կարող ուղղակի իրենց որդուն ուղարկել ծառայութեան, նաեւ ունեն ֆինանսական խնդիրներ, որոնք իրենց որդու իրենց հետ գտնուելով կարող են աւելի հեշտ լուծել: Այս խնդիրը ես վարչապետի հետ քննարկել եմ դեռեւս մէկ տարի առաջ: Տեղեկացայ նաեւ, որ վարչապետին, նաեւ [վարչապետի] աշխատակազմին են բազմաթիւ նման նամակներ եկել` խնդրանքով, որ իրենց տղաներին հնարաւորութիւն տանք չծառայելու», հիմնաւորեց Հայկ Սարգսեանը:

Նախագիծին մէջ ներկայացուած չէ հաշուարկ, թէ փոփոխութիւններու հետեւանքով օրէնքը քանի շահառու կրնայ ունենալ, սակայն, Հայկ Սարգսեանի պնդմամբ, փոփոխութիւններէն յետոյ զինուորական պարտադիր ծառայութենէն ազատուող քաղաքայիններուն թիւը մեծ պիտի չըլլայ եւ անմիջականօրէն պիտի չազդէ զինուորներու քանակին վրայ. «Այս զօրակոչին քսանհինգ մարդու վրայ է տարածւում այդ օրէնքը: Այսինքն` մենք ունենք, պահեստազօրը նաեւ հաշուի առնելով, հարիւր հազարից գերազանցող բանակ, եւ քսանհինգ անձ որ ազատուի բանակից այս հանգամանքով, էական ազդեցութիւն չի ունենայ մեր զինծառայողների քանակի եւ Զինուած ուժերի հզօրութեան վրայ»:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը դեռ դիրքորոշում չէ յայտնած նախագիծին վերաբերեալ: Ազգային ժողովի լիագումար նիստերու օրակարգ ներառուելու համար նախագիծը նախ պէտք է ստանայ գլխադասային յանձնաժողովի դրական եզրակացութիւնը: Օրէնք դառնալու պարագային պիտի գործէ արդէն այս տարի ամառնային զօրակոչի ընթացքին` եթէ օրէնքի չափանիշերուն համապատասխանող զինապարտը գրաւոր դիմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment