Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Սարգսեան «Էքսփօ 2020 Տուպայ» Համաշխարհային Ցուցահանդէսներու Կեդրոնին Մէջ Այցելած Է Հայաստանի Տաղաւար

Արմէն Սարգսեան «Էքսփօ 2020 Տուպայ» Համաշխարհային Ցուցահանդէսներու Կեդրոնին Մէջ Այցելած Է Հայաստանի Տաղաւար

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան «Էքսփօ 2020 Տուպայ» համաշխարհային ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ, 17 Յունուարին, հիւրընկալուած է Հայաստանի տաղաւարին մէջ:

Արմէն Սարգսեան շրջած է տաղաւարին մէջ, ծանօթացած է ներկայացուած ցուցադրութիւններուն:

«Էքսփօ 2020 Տուպայ»-ին Հայաստան հանդէս կու գայ «Էթնօթեք» գաղափարով` ներկայացնելով Հայաստանի ցեղային առանձնայատկութիւնները եւ արհեստագիտական յաւակնութիւնները: Տաղաւարի տնօրէն Լիլիթ Յակոբեանը նախագահին տեղեկութիւններ ներկայացուցած է ցուցադրութեան, տաղաւար այցելութիւններու, գործարար շփումներու մասին:

Նախագահը կարեւորած է համաշխարհային այս ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ այն հնարաւորութիւն պիտի տայ ոչ միայն նոր գործարար յարաբերութիւններ հաստատելու, այլեւ փորձի եւ գիտելիքներու փոխանակման հարթակ դառնալու:

Հանրապետութեան նախագահը այցելած է նաեւ «Էքսփօ 2020»-ը հիւրընկալող` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տաղաւար, ծանօթացած՝ ցուցադրութիւններուն, գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment