Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտընի Ստորագրած Օրէնքին Մէջ Առկայ Են Կարեւոր Դրոյթներ Հայ-Ատրպէյճանական Հակամարտութեան Վերաբերեալ

Պայտընի Ստորագրած Օրէնքին Մէջ Առկայ Են Կարեւոր Դրոյթներ Հայ-Ատրպէյճանական Հակամարտութեան Վերաբերեալ

by MassisPost

Սպիտակ տան հաղորդմամբ ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի՝ Դեկտեմբեր 27-ին ստորագրած 2022-ի ֆինանսական տարուայ «Ազգային պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ առկայ են կարեւոր դրոյթներ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ, անոնց կարգին այն, որ հակամարտող կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրով եւ միջազգային օրէնքներով ստանձնած պարտաւորութիւններուն, որոնց մէջ կը մտնէ գերիներու եւ գերեվարուած քաղաքացիական բոլոր անձերու անյապաղ ազատ արձակումը:

Օրէնքի 1302 մասով ներկայացուած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մասին հաշուետուութիւն:

«Սոյն օրէնքը ուժի մէջ մտնելէն ոչ ուշ, քան 180 օր յետոյ պաշտպանութեան նախարարը, խորհրդակցելով դաշնային այլ գերատեսչութիւններու եւ ղեկավարներու հետ, պէտք է Քոնկրէսի համապատասխան յանձնաժողովներուն ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 2020-ի հակամարտութեան մասին համապատասխան հաշուետուութիւն»:

Ըստ օրէնքի հաշուետուութիւնը պէտք է ներառէ 2020-ի հակամարտութեան ընթացքին կիրառուած Միացեալ Նահանգներու ռազմական համակարգերու կամ վերահսկուող արհեստագիտական միջոցներու գնահատականը, անոնց կարգին նման միջոցներու արտադրութեան մասին տեղեկութիւններ:

«Հակամարտութեան ընթացքին օտարերկրեայ դերակատարներու, անոնց կարգին ռազմական գործունէութեան, ազդեցութեան գործողութիւններու, օտարերկրեայ ռազմական վաճառքներու եւ օտար երկիրներու դիւանագիտական ներգրաւուածութեան, ինչպէս նաեւ`հակամարտութեան կողմերու կամ օտարերկրեայ դերակատարներու կողմէ օտար զինեալներ կամ ռազմական կազմակերպութիւններ հաւաքագրելու մասին նկարագրութիւն: Ներկայացուող նկարագրութիւնը անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է ներառէ գաղտնի յաւելումներ»։

Հաշուետուութեան մէջ պէտք է տեղ գտնէ նաեւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրի ցանկացած խախտում, անոնց կարգին` ռազմագերիներու կամ գերուած քաղաքացիական անձերու մասին, նաեւ ցանկացած այլ հարց, որ նախարարը նպատակայարմար կը համարէ:

Հրապարակուած է նաեւ Քոնկրէսի դիրքորոշումը։ Քոնկրէսը կը գտնէ, որ հակամարտող կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրով եւ միջազգային օրէնքներով ստանձնած պարտաւորութիւններուն, որոնց մէջ կը մտնէ գերիների եւ գերեվարուած քաղաքացիական բոլոր անձերու անյապաղ ազատ արձակումը, հակամարտող կողմերը պէտք է ձեռնպահ մնան դիւանագիտական նպատակներուն հասնելու համար ուժի եւ սպառնալիքներու կիրառումէն։

«Միացեալ Նահանգները պէտք է համագործակցի հակամարտութեան կողմերուն հետ, կրկնապատկելով Մինսքի խումբի մասնակցութեան ջանքերը` յստակացնելու համար այս պարտաւորութիւններուն հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը եւ զարկ տալու համար դիւանագիտական առաջընթացին»,- ըսուած է որոշման մէջ։

Չնայած այն բանին, որ 2021-ի Սեպտեմբեր 23-ին ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ ընդունուած թիւ 4350 օրինագիծին մէջ Քոնկրէսի շարադրուած եզրակացութիւնները 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ աւելի հասցէական բնոյթ կը կրէին եւ կը մատնանշէին յարձակողական եւ եռակողմ յայտարարութեան պայմանները խախտող կողմին, այնուամենայնիւ, սոյն օրէնքը կը պարունակէ նաեւ կարեւոր եւ սկզբունքային դրոյթներ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի եւ Արցախի շահերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment