Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Տարօն Մարգարեանի Ու Արման Սահակեանի Քրէական Գործերու Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

Տարօն Մարգարեանի Ու Արման Սահակեանի Քրէական Գործերու Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

by MassisPost

Աւարտած է Երեւանի նախկին քաղաքապետ՝ Տարօն Մարգարեանի ու պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ՝ Արման Սահակեանի մասով քրէական գործի նախաքննութիւնը։ Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ ուսումնական հաստատութիւններու հողամասերու կրճատման առնչուող գործը ուղարկուած է Գլխաւոր դատախազութիւն՝ դատարան տեղափոխելու միջնորդութեամբ։

Երեւանի նախկին քաղաքապետն ու պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետը կը մեղադրուին պաշտօնէական լիազօրութիւններու չարաշահման համար։ Ըստ Քննչական կոմիտէին` նախաքննութեան ընթացքին հաստատուած է, որ դեռ քաղաքապետի առաջին տեղակալի պաշտօնը գրաւած ատեն Մարգարեան յանձնարարած է կատարել 16-րդ յատուկ դպրոցի հողամասի սահմաններու ճշդում, հողամասի նոր յատակագիծով դպրոցին պատկանող հողակտորէն նուազեցուած է աւելի քան 3600 քառակուսի մեթր: Ըստ Քննչական կոմիտէին` այնուհետեւ ան օտարուած է Մարգարեանի սանիկին, իսկ միւս հողակտորը՝ նոյն դպրոցի տնօրէնի ամուսնոյն:

«Երեւանի քաղաքապետարանի կողմից կազմակերպուած աճուրդի արդիւնքներով, շուկայականից էականօրէն ցածր արժէքով, միջնորդաւորուած եղանակով՝ յիշեալ օտարման արդիւնքում դպրոցը զրկուել է փաստացի իրեն ամրակցուած հողատարածքը ամբողջութեամբ ուսումնական նպատակներով օգտագործելու հնարաւորութիւնից, իսկ պետութեան իրաւունքներին եւ օրինական շահերին պատճառուել է էական վնաս, որն անզգուշութեամբ առաջացրել է ծանր հետեւանքներ», – նշուած է կառոյցի հաղորդագրութեան մէջ:

Էրեբունի վարչական շրջանը գտնուող 64-րդ մանկապարտէզէն ալ 1400 քառակուսի մեթր հողամաս օտարուած է։ Քննչական կոմիտէի ներկայացմամբ՝ տարածքը աճուրդով վաճառուած է Տարօն Մարգարեանի ընտանիքի մտերիմ, այս անգամ ալ մանկապարտէզի տնօրէնի հօրը։

Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ, հանրապետական Արման Սահակեանն ալ, ըստ Քննչական կոմիտէին, համար 185 հանրակրթական դպրոցի տարածքը ճշգրտման գործընթաց նախաձեռնած է, նուազեցնելով աւելի քան 3800 քառակուսի մեթր տարածք։ Այդ հողամասը աճուրդի ու միջնորդաւորուած անձերու միջոցով օտարուած է Արման Սահակեանի եղբօրը, անոր օգնականին, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի օգնականին եւ Աջափնեակ վարչական շրջանի նախկին ղեկավարի հարազատին, ըսուած է Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment