Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արժէ Աւելի Աշխուժօրէն Օգտագործել ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան Հնարաւորութիւնները. Ստանիսլաւ Զաս

Արժէ Աւելի Աշխուժօրէն Օգտագործել ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան Հնարաւորութիւնները. Ստանիսլաւ Զաս

by MassisPost

«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) կը սատարէ իրավիճակը քաղաքական ճանապարհով կարգաւորելու Հայաստանի քայլերուն», Երեւան կատարելիք աշխատանքային այցին ընդառաջ Արմէնփրէսին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զաս։

Ան նաեւ ըսած է, որ ՀԱՊԿ-ը սահմանագծում եւ սահմանազատում սկսելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի որոշումը կը համարէ ներկայ իրավիճակի կրկնութիւնը կանխելու կարեւոր քայլ։

«Մենք մտահոգուած ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող լարուած իրավիճակով եւ ուշադիր կը հետեւինք անոր։ Կը կարծենք, որ սահմանային վէճերը պէտք է լուծուին միայն քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով, եւ կ’աջակցինք այս տարուայ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած համաձայնութիւններուն՝ քայլեր ձեռնարկել հայ-ատրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ այդուհետեւ սահմանագծման հարցերով՝ կողմերու յայտի հիման Ռուսաստանի Դաշնութեան աջակցութեամբ երկկողմանի յանձնաժողովի ստեղծման ուղղութեամբ։ Ակնյայտ է, որ իրավիճակի ապամագլցման միջոցառումները աւելի քան երբեւէ անհրաժեշտ են եւ առաջնահերթ նշանակութիւն ունին», – ըսած է Զաս։

Ան յայտարարած է նաեւ, որ ՀԱՊԿ-ը կը սատարէ Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն ստեղծուած իրավիճակը քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորելու ուղղութեամբ։ Այս ռազմական դաշինքին միակ ելքը կը համարեն։ Ըստ կառոյցի գլխաւոր քարտուղարի, արժէ աւելի աշխուժօրէն օգտագործել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հնարաւորութիւնները։ Նման մօտեցումը կ’ապահովէ անհրաժեշտ նախադրեալներ այս խնդրի լուծման համար։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն հաղորդեցին, որ Արարատ Միրզոյեան – Սթանիլսաւ Զաս հանդիպում կը նախատեսուի, բայց օրակարգը եւ հանդիպման օրը նշելէ հրաժարեցան։

Երէկ՝ Դեկտեմբեր 20-ին, ՀԱՊԿ-ի մամլոյ քարտուղարը յայտնած էր, որ Զաս Հայաստան պիտի ըլլայ Դեկտեմբեր 22-24-ին, կը հանդիպի վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին, Պաշտպանութեան նախարարին եւ Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղարին հետ։ Կազմակերպութիւնը այժմ կը նախագահէ Հայաստան։

Յայտնի է նաեւ, որ այսօր Հայաստան կը ժամանէ Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը՝ մասնակցելու Երեւանի մէջ մեկնարկող հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին։

Անցեալ շաբաթ Օվերչուք Ատրպէյճան էր: Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ ռուս պաշտօնեան քննարկած էր եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան եւ հաղորդակցութիւններու բացման վերաբերեալ հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment