Home ՍՓԻՒՌՔ 125.000 Եւրոյի Յատկացում Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Կողմէ

125.000 Եւրոյի Յատկացում Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Կողմէ

by MassisPost

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 125.000 Եւրօ յատկացուցած է Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն։ Այս քայլը կը յաջորդէ 2021-ի սկզբին դպրոցներուն կատարուած 650 գրասալիկներու (tablets) եւ 50 համակարգիչ ներու նուիրատուութեան:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Կիւլպէնկեանի Հայկական Բաժանմունքը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններուն։ Վերջին տարիներուն, Բաժանմունքը Լիբանանի համար համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակած է՝ իւրայատուկ տեղ տրամադրելով հայ համայնքէն ներս գործող վարժարաններուն:

Այսօր Լիբանանը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամենածանր տնտեսական ճգնաժամերէն մէկը։ Ի պատասխան՝ Բաժանմունքը ժամանակաւորապէս սառեցուցած է 2020 թուականին մեկնարկած դպրոցական նպաստներու իր ծրագիրը: Երեք դպրոցներու համապարփակ կրթական ծրագիրներու մշակումին աջակցելու փոխարէն, Բաժանմունքը այժմ կ’աջակցի բոլոր դպրոցներուն՝ անոնց անյետաձգելի կարիքները հոգալու նպատակով:

Տրամադրուող այս օժանդակութիւնը մասնիկ մըն է Լիբանանի մէջ Բաժանմունքին այլ նախաձեռնութիւններուն՝ կրթաթոշակներ, յատուկ կրթութեան ուղղուած ծրագիրներ, ուսուցիչներու վերաորակաւորում, հրատարակութիւններ եւ երիտասարդներու մշակութային ծրագիրներու աջակցութիւն:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք Բաժանմունքին կայքէջը  https://gulbenkian.pt/armenian-communities/

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment