Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փոխհրաձգութեան Հետեւանքով Զոհուած Է Ժամկէտային Զինծառայող Վահէ Մանասէրեան. Կայ Ութ Վիրաւոր

Փոխհրաձգութեան Հետեւանքով Զոհուած Է Ժամկէտային Զինծառայող Վահէ Մանասէրեան. Կայ Ութ Վիրաւոր

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ այսօրուայ՝ Դեկտեմբեր 10-ի սահմանային փոխհրաձգութեան հետեւանքով զոհուած զինծառայողը ժամկէտային, շարքային Վահէ Վաղարշակի Մանասէրեանն է (2002-ի ծնունդ)։

Գերատեսչութիւնը աւելի վաղ հաղորդած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ՝ Գեղարքունիքի մարզ, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը ձեռնարկած էին գործողութիւններու, կար մէկ զոհ, սակայն անոր տուեալները դեռ չէին հրապարակուած:

ՊՆ-ն տեղեկացուցած է նաեւ, որ եւս ութ զինծառայող վիրաւոր է։ Վեց զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր, իսկ միւս երկուքինը, համապատասխանաբար, միջին եւ թեթեւ։

Պաքուն իր հերթին մեղադրած էր հայկական կողմը Քարվաճառի ուղղութեամբ գնդակոծութիւններու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment