Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուայի Մէջ Կայացած Է «3+2» Ձեւաչափի Առաջին Նիստը՝ Փոխ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով

Մոսկուայի Մէջ Կայացած Է «3+2» Ձեւաչափի Առաջին Նիստը՝ Փոխ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ այսօր՝ Դեկտեմբեր 10-ին տեղի ունեցած է տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր ձեւաչափի՝ «3+2» եւ ինչպէս աւելի վաղ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ձեւակերպած էր, «խորհրդատուական» հարթակի առաջին նիստը, որուն մասնակից երկիրները ներկայացուած են փոխ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։

Այսօր առաւօտեան ՌԴ փոխ արտաքին գործոց նախարար՝ Անտրէյ Ռուտենքոն, որ ներկայացուցած է Ռուսաստանը հարթակի անդրանիկ նիստին, հանդիպած է Հայաստանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Վահէ Գէորգեանին հետ։

Ռուսական կողմի տարածած կարճ հաղորդագրութեան համաձայն, Ռուտենքոն եւ Գէորգեան հանդիպման ընթացքին կառուցողական մթնոլորտի մէջ քննարկած են երկկողմանի հրատապ հարցեր, ինչպես նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգ: Նիստի մասին առաջինը յայտարարած էր Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իսկ աւելի ուշ հաստատած էր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Վաղը պէտք է տեղի ունենայ Հարաւային Կովկասի համար խորհրդատուական տարածաշրջանային մեքենականութեան առաջին նիստը՝ «3+3» ձեւաչափով։ Ռուսաստանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքոն: Արդիւնքներու եւ իւրաքանչիւր երկրի ներկայացուցիչներու կազմի մասին աւելի մանրամասն կը խօսինք վաղը», – երէկ յայտարարած էր Զախարովան՝ աւելցնելով, թէ վրացական կողմին նոյնպէս ուղարկած էին հրաւէր։

Այս նոր հարթակին իրականութեան մէջ պէտք է վեց մասնակիցներ ըլլային, եւ այն կոչուէր «3+3»: Վրաստանը, սակայն, հրաժարած է մասնակցելէ նիստին, յայտարարելով, թէ նախապէս արդէն պարզաբանած էր, որ հարթակին չի միանար Ռուսաստանին հետ հակասութիւններու պատճառով։

«Մենք չենք դիտարկեր մեր մասնակցութիւնը տուեալ ձեւաչափէն ներս, հետեւաբար՝ Վրաստանը ներկայացուած չէ ընթացիկ տարուայ Դեկտեմբեր 10-ին ծրագրուած հանդիպման», – ընդգծած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Պաշտօնական Թիֆլիսը մերժած է նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, թէ չի կրնար համագործակցիլ Հարաւային Օսեթիան եւ Աբխազիան գրաւած Քրեմլինին հետ:

Պաշտօնական Երեւանը յայտարարած է, որ կը միանայ հարթակին, սակայն ընդգծած, թէ այդ ձեւաչափը պէտք չէ ներառէ հարցեր, որոնք արդէն համաձայնեցուած են կամ քննարկուած ուրիշ հարթակներով, անոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։

«3+3» ձեւաչափը ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ առաջարկած էին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները: Այն կ’ենթադրէ հարաւ կովկասեան երեք երկիրներու՝ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երեք տէրութիւններու՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը։

Ռուսաստանցի փորձագէտներու կարծիքով՝ «3+3» հարթակը, որու ձեւաչափի, գործառոյթներու եւ իրական նպատակներու մասին շատ բան յայտնի չէ, այդուամենայնիւ, ձեռնտու է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն, անոնց կարգին՝ Հայաստանին, քանի որ Երեւանը կը ստանայ հարթակ, որու ծիրէն ներս կրնայ ուղղակի եւ առանց միջնորդներու բանակցիլ թրքական կողմի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment