Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՍԴ-ն Վճռած Է` Անազատութեան Մէջ Գտնուողը Պատգամաւոր Դառնալէն Յետոյ Պէտք Է Ազատ Արձակուի

ՍԴ-ն Վճռած Է` Անազատութեան Մէջ Գտնուողը Պատգամաւոր Դառնալէն Յետոյ Պէտք Է Ազատ Արձակուի

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) Դեկտեմբեր 10-ին հրապարակած որոշումով վճռած է, որ անազատութեան մէջ գտնուող անձը պատգամաւորի կարգավիճակ ստանալէն յետոյ չի կրնար պահուիլ անազատութեան մէջ։ Ամիսներ առաջ այս հարցը ճշգրտելու համար Բարձր դատարան դիմած էին ընդդիմադիր պատգամաւորները՝ իրենց գործընկերներուն՝ «Հայաստան» դաշինքի կալանաւորուած պատգամաւորներ՝ Արմէն Չարչեանի, Մխիթար Զաքարեանի եւ Արթուր Սարգսեանի հարցով։

Երեքին ալ իրաւապահները մեղադրանք առաջադրած են եւ կալանաւորած պատգամաւոր ընտրուելէն առաջ։ Ընդդիմադիրներու պաշտպանները բազմիցս յայտարարած են, որ պատգամաւոր ընտրուելէն յետոյ անոնք պէտք է կալանքէն ազատ արձակուէին պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւն ձեռք բերելու շնորհիւ։

Բարձր դատարանը որոշած է, որ պատգամաւորի կարգավիճակ ձեռք բերելու պահուն անձը, բացառութեամբ Սահմանադրութեան 96-րդ յօդուածի 2-րդ մասով նախատեսուած դէպքերուն, չի կրնար զրկուիլ ազատութենէն այլ կերպ, քան Ազգային ժողովի համաձայնութեամբ: Սահմանադրութեան նշուած յօդուածի համաձայն՝ պատգամաւորի անձեռնմխելիութեան հարցը չի քննարկուիր, եթէ ան բռնուած է յանցանք կատարելու պահուն կամ անմիջապէս անկէ ետք։

Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր՝ Արմէն Չարչեանի փաստաբանը ՍԴ որոշումէն յետոյ յայտարարած է, որ կը պատրաստուի միջնորդութիւն ներկայացնել դատարան` անյապաղ նիստ նշանակելու եւ Չարչեանը կալանքէն ազատ արձակելու հարցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment