Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Հանդիպած Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներուն Հետ

Արարատ Միրզոյեան Հանդիպած Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներուն Հետ

by MassisPost

Նոյեմբեր 10-ին Փարիզի մէջ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), Իկոր Խովաեւի (Ռուսաստան) եւ Պրիս Ռոքֆոյի (Ֆրանսա) հետ։

Ինչպէս տեղեկացուցած են ՀՀ ԱԳՆ-էն, զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական լուծման հնարաւոր է հասնիլ միայն խաղաղ ճանապարհով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ՝ կողմերուն յայտնի սկզբունքներու ու տարրերու հիման վրայ։

Արձանագրուած է համանախագահներու՝ տարածաշրջան այցի կարեւորութիւնը իրավիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու շրջածիրէն ներս։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը առաջնահերթ համարած են տարածաշրջանի ապամագլցման ուղղուած յստակ քայլերու իրագործումը։ Այս առումով Արարատ Միրզոյեան դատապարտած է Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան վրայ յարձակումները, որոնք յանգեցուցած են զոհերու, ինչպէս նաեւ անընդունելի համարած է շարունակական հայատեաց հռետորաբանութիւնը:

ՀՀ ԱԳ նախարարն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները միտքեր փոխանակած են հրատապ լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ: Այս շրջածիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան շեշտած է հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ՝ անհետ կորածներու ճակատագրի պարզաբանման եւ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Նոյն օրը Ֆրանսայի ԱԳ նախարար՝ Ժան-Իվ Լը Տրիանի հիւրընկալութեամբ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը։

Հնգակողմ հանդիպման ընթացքին, ՀՀ ԱԳ նախարարը արտայայտած է հայկական կողմի դիրքորոշումը` լիարժէքօրէն վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով։ Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է համանախագահներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած դիրքորոշումը՝ ապամագլցման եւ մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ՝ սադրանքներու ու հայատեաց հռետորաբանութեան անընդունելիութեան վերաբերեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment