Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յայտարարութիւն Հայաստանի Անկախութեան 30-Ամեակի Առթիւ

Յայտարարութիւն Հայաստանի Անկախութեան 30-Ամեակի Առթիւ

by MassisPost

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ համայն հայութեան՝ Հայաստանի Անկախութեան 30-ամեակի առթիւ:

Կը նշենք այս տօնը, մեր նորագոյն պատմութեան ամենաճակատագրական մէկ ժամանակահատուածին: Թէև այսօր հասկնալի պատճառներով կը բացակայի տօնական մթնոլորտը, սակայն նշելով երեսնամեակը, մենք առաջին հերթին իմաստաւորած կ’ըլլանք՝ յանուն հայրենիքի ինկած բազմահազար մեր հերոսներուն գերագոյն զոհաբերութիւնը, միեւնոյն ատեն վերանորոգելով մեր յանձնառութիւնը՝ ազատ, անկախ, ժողովրդավար և բարգաւաճող հայրենիքի տեսլականին:

Անցնող 30 տարիներու ընթացքին հայրենիքէն ներս գրանցուած բազմաթիւ ձեռքբերումներու կողքին, մենք նաև ականատեսը եղանք պետականութեան հիմքերը խախտող արատաւոր այնպիսի երեւոյթներու, երբ արդիական բանակ ստեղծելու փոխարէն՝ կաշառքի և պետութենէն կողոպտուած գումարներու հաշւոյն դղեակներ կառուցուեցան, երբ հզօր տնտեսութիւն կերտելու փոխարէն՝ նեղ հատուածի մը նիւթական շահերը ապահովող աւազակապետական համակարգ ստեղծուեցաւ, երբ իրաւական պետութիւն կառուցելու փոխարէն՝ ընտրութիւններ կեղծուեցան և դատաիրաւական համակարգը այլասերուեցաւ և երբ Արցախի հարցով հետեւողական և իրապաշտ քաղաքականութիւն մշակելու փոխարէն՝ սին պատրանքներով առաջնորդուեցանք: Ահա այս ամէնուն հանրագումարն է, որ յանգեցուց 44-օրեայ պատերազմի անփառունակ աւարտին:

Այսօր, երբ հայրենիքը կը շարունակէ դիմագրաւել տարածաշրջանային լուրջ մարտահրաւէրներ և թշնամին՝ յաւելեալ զիջումներ կորզելու նպատակով, կը շարունակէ իր սադրիչ գործողութիւնները Հայաստանի և Արցախի սահմաններուն վրայ, աւելի քան երբեք, գերագոյն անհրաժեշտութիւն կը դառնան համախմբուածութիւնը և ներքին համերաշխութիւնը:

Խորհրդանշական այս օրը կը պարտաւորեցնէ բոլորիս վերարժեւորել անկախութեան տեսլականը և դասեր քաղելով անցեալի ու ներկայի սխալներէն, մեր հայեացքը սեւեռել դէպի ապագան, այն հաստատուն համոզումով, որ միասնաբար պիտի կերտենք մեր բոլորի երազած հայրենիքը:

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Սեպտեմբեր 21, 2021

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment