Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Խօսքով` Փաշինեան Իր Հետ Հանդիպելու Առաջարկ Ըրած Է

Էրտողանի Խօսքով` Փաշինեան Իր Հետ Հանդիպելու Առաջարկ Ըրած Է

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, թէ Հայաստանի վարչապետը իրեն հետ հանդիպման առաջարկ ըրած է։ Ի պատասխան՝ Էրտողան կրկին խօսած է Զանգեզուրի միջանցքի մասին, ու պնդած, որ հայկական կողմը պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկէ։

«Տարակուսելի է, որ մէկ կողմէ Փաշինեան կը յայտարարէ, թէ հայկական կողմը չի քննարկեր այդ [Նախիջեւանի միջանցքի] հարցը, միւս կողմէ՝ ինծի հետ հանդիպելու ցանկութիւն կը յայտնէ։ Եթէ կ’ուզէ հանդիպիլ Թայէպ Էրտողանի հետ, ապա պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկուին»,- Սեպտեմբեր 20-ին ըսած է Թուրքիոյ նախագահը Նիու Եորք մեկնելէն առաջ, ուր պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի հերթական վեհաժողովին։
Ըստ Էրտողանին, հանդիպման առաջարկը իրեն փոխանցուած է Վրաստանի վարչապետի միջոցով, ուրու հետ Փաշինեան հանդիպած էր մօտ տասը օր առաջ, երբ պաշտօնական այցով մեկնած էր Վրաստան։

«Եթէ անոնք անկեղծ են Վրաստանի վարչապետի միջոցով երկխօսութեան ցանկութեան մէջ եւ պատրաստ նոր գործընթաց սկսելու ուղղութեամբ քայլերու երթալ, մենք ալ ընդառաջ կ’երթանք եւ դիւանագիտութեան ընթացք կու տանք»,- ըսած է Էրտողանը, ընդգծելով, որ գործընթացը պէտք է առաջանայ փոխզիջումներու միջոցով։

«Երբ գործի կը դրուի դիւանագիտութիւնը, ինչ որ բան կու տաս եւ ինչ որ բան՝ կը ստանաս։ Կը յուսամ, որ այս հարցով ոչ թէ բացասական, այլ դրական մօտեցումները կը գերակշռեն, եւ այսպիսով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրը կը յաղթահարուի միջանցքներու բացման շնորհիւ»,- յայտարարած է Թուրքիոյ առաջնորդը:

Արդէն երկրորդ ամիսն է, որ պաշտօնական Երեւանն ու Անգարան հեռավար ուղերձներ կը փոխանակեն յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ։ Նախ Հայաստանի վարչապետը նշեց, թէ դրական ազդակներ կան Անգարայէն, ապա Թուրքիան ամենաբարձր՝ նախագահի մակարդակով յայտարարեց, թէ պատրաստ է կարգաւորել յարաբերութիւնները Երեւանի հետ` բարի դրացիութեան եւ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հիման վրայ:

«Մեր տարածաշրջանին մէջ նոր, կառուցողական մօտեցումներու կարիքը կայ: Չնայած կարծիքներու եւ ակնկալիքներու տարբերութիւններ կան, բայց վստահութեան հիման վրայ բարի դրացիական յարաբերութիւններ զարգացնելու անկեղծ ջանքերու գործադրումը պատասխանատու մօտեցում կ’ըլլայ` հիմնուած իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչման վրայ», – Օգոստոսի վերջին ըսած էր Էրտողան:

Հաւաստիացնելով, որ Անգարան պատրաստ է աստիճանաբար կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանին հետ, Թուրքիոյ նախագահը միեւնոյն ժամանակ պնդած էր, թէ նման դիրքորոշում ունի նաեւ Ատրպէյճանը, որ կ’առաջարկէ Հայաստանին խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել։

«Ինչպէս եւ համաձայնուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, ամբողջ տարածաշրջանը բանալով` նոր հնարաւորութիւններ կ’առաջանան, որոնք կը փոխեն Հարաւային Կովկասը: Մենք պատրաստ ենք աշխատիլ բոլոր այն կողմերուն հետ, որոնք կը ցանկան լաւ օգտագործել այս պատմական հնարաւորութիւնը»,- ըսած էր Էրտողան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment