Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանն ու Ռայիսին Քննարկած Են Երկու Երկիրներու Միջեւ Բեռնափոխադրումներու Անխափան Կազմակերպման Հարցեր

Փաշինեանն ու Ռայիսին Քննարկած Են Երկու Երկիրներու Միջեւ Բեռնափոխադրումներու Անխափան Կազմակերպման Հարցեր

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Տուշանպէ գտնուող վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Իրանի նախագահ՝ Իպրահիմ Ռայիսիին հետ:

Ըստ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին, քննարկուած են հայ-իրանական բազմակողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, երկու երկիրներու միջեւ բեռնափոխադրումներու անխափան կազմակերպման եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:

Իրանը բազմիցս յայտարարած է, որ կարեւորած է տարածաշրջանի փոխադրային եւ տնտեսական հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը եւ վերագործարկումը, ինչ որ կը նպաստէ առկայ տնտեսական ներուժի իրացման ծաւալներու յաւելումին: Սակայն արդէն 6 օր է՝ Գորիս-Կապան ճանապարհի հատուածին Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը Իրանէն Հայաստան մտնող բեռնատարներու վարորդներէն հարկեր կը պահանջէ։ Տնտեսագէտներու կանխատեսումներով, եթէ իրավիճակը չշտկուի, կրնայ ազդել տնտեսական շարժունութեան վրայ։

Իրանի պետական գործակալութեան հաղորդմամբ, նախագահ Ռայիսին ըսած է, թէ Հայաստանի ու Իրանի միջեւ աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծուի ուժանիւթի փոխանակումներու, երթեւեկութեան ու համատեղ արտադրութիւններու գծով։

Վարչապետ Փաշինեան իր հերթին ընդգծած է, որ Հայաստանը կարեւորած է հարեւան երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ընդարձակման, Իրանի դերը տարածաշրջանին մէջ որակել որպէս կառուցողական, եւ ընդգծել, որ Երեւանը կ’ողջունէ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Իրանի ներկայացուցած նախաձեռնութիւնները։

Թէ յատկապէս ո՞ր նախաձեռնութիւններու մասին է խօսքը՝ Իրանի պետական գործակալութիւնը չէ մանրամասնած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment