Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուան Սահմանազատման Հարցով Առաջարկներ Փոխանցած է Պաքուին եւ Երեւանին

Մոսկուան Սահմանազատման Հարցով Առաջարկներ Փոխանցած է Պաքուին եւ Երեւանին

by MassisPost

Ռուսաստան կը սպասէ սահմանի սահմանազատման հարցերով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատասխանին։ Այս մասին այսօր՝ Սեպտեմբեր 17-ին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան։

«Ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու առանձին հատուածներու իրավիճակին։ Իրավիճակի զարգացումը, ներառեալ՝Որոտան գիւղինը, եւս մէկ անգամ կը հաստատէ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի շուտափոյթ մեկնարկի պահանջարկը՝ ողջ երկայնքով՝ անոր հետագայ սահմանազատումով»,- ըսած է Զախարովան՝ նշելով, որ այդ հաշուով ռուսաստանեան առաջարկները փոխանցուած են Պաքուին եւ Երեւանին, ռուսական կողմը կը սպասէ շուտափոյթ պատասխանի։

«Զուգահեռաբար պիտի շարունակենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ համատեղ ջանքերը՝ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերը ապաշրջափակելու ուղղութեամբ՝ բարձր մակարդակի եռակողմ յայտարարութիւններու իրագործման ծիրէն ներս», – նաեւ աւելցուցած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment