Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յոյսի Նշոյլ Լիբանանի Համար

Յոյսի Նշոյլ Լիբանանի Համար

by MassisPost

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն աւելի քան տարի մը ետք, կազմուեցաւ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը` երկրի ամէնէն հարուստ մարդը հանդիսացող Նաճիպ Միքաթիի գլխաւորութեամբ: Միքաթիէն առաջ երկու այլ վարչապետի թեկնածուներ` ամիսներ տեւող բանակցութիւններէ  ետք չէին յաջողած համաձայնութեան գալ նախագահ Միշէլ Աունի հետ` կառավարութեան անդամներուն շուրջ:

Նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկու անգամ այցելելով Լիբանան խոստացաւ ամէն ձեւով օգնել վերականգնելու երկիրը, այն պայմանաւ որ, ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն` կազմուած մասնագէտներէ, որոնք լծուին բարեկարգումի աշխատանքներուն: Նոյն պայմաններով օգնութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց Միջազգային Դրամական Հիմնադրամը (IMF), տրամադրելով նոր վարկեր, հակառակ որ Լիբանանեան կառավարութիւնը չէր կարողացած վճարել Եւրոպական Պարտատոմսերու (EuroBonds) գումարները: Արեւմտեան այլ երկիրներ եւս պատրաստ էին օժանդակելու, որպէսզի Լիբանանը չվերածուի  ձախողած պետութեան:

Ներկայիս Լիբանանը կ’ապրի իր պատմութեան ամենածանր օրերը: Դրամանիշը արժեզրկուած է 90 տոկոսով, սղաճն ու  գործազրկութիւնը բազմապատկուած է մի քան անգամով, ելելքտրականութիւնը, վառելիքը եւ դեղորայքը դժուար հասանելի է ժողովուրդին մեծամասնութեան:

Հակառակ այս բոլորին,  նախագահ Աուն տարի մը ամբողջ յամառեցաւ կառավարութեան կազմի իր պահանջներուն վրայ` երկիրը մատնելով իր ներկայ տագնապալի վիճակին: Տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու բողոքի ամէնօրեայ ցոյցերը եւս չկրցան ստիպել Լիբանանի պատմութեան ամէնէն ձախող նախագահին ու անոր շրջապատին` որպէսզի դուրս քան իրենց անձնական փառասիրութիւններէն ու մտածեն երկրի ու անոր ժողովուրդի մասին:

Տիրող այս վիճակը մեծ հարուած կը հասցնէ նաեւ տեղի հայութեան: Սփիւռքի բաբախող սիրտը նկատուող Լիբանանահայ գաղութը կը նօսրանալ որակապէս ու քանակապէս: Շատեր սկսած են իրենց ապագան փնտռել այլ ցամաքամասերու վրայ:   Հայաստան հաստատուելու մտադրութիւն ունեցողներու թիւը եւս քիչ չէ, սակայն Հայրենիքը, իր ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ, ի վիճակի չէ զանգուածային ներգաղթ կազմակերպել ու ժամանողներուն ապահովել բնակավայրով ու աշխատանքով:

Նոր կառավարութեան կազմութեամբ երկիրը իր կաթուածահար վիճակէն դուրս բերելու գծով կ’առնուի առաջին քայլը, որուն պէտք է յաջորդեն տասնեակ այլ քայլեր, որոնք սակայն կրնան ամէն րոպէի հանդիպիլ նորանոր խոչընդոտներու` դանդաղեցնելով ակնկալուող տնտեսական ու քաղաքական բարեփոխումները: Սակայն, Լիբանանը իր պատմութեան ընթացքին կարողացած է յաղթահարել բազմաթիւ դժուարութիւններ ու ծանր պայմաններէն դուրս գալով կարողացած վերագտնել ինքզինք:

Նոր կառավարութեան կազմութեամբ յոյսի նշոյլ մը կ’երեւայ Լիբանանի երկնակամարին վրայ: Կը յուսանք որ Բազմաչարչար Լիբանան ու լիբանանահայութիւնը կը վերագտնեն իրենց նախկին օրերը:

«ՄԱՍԻՍ» 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment