Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աղուան Յովսէփեան կը Կալանաւորուի

Աղուան Յովսէփեան կը Կալանաւորուի

by MassisPost

Դատարանը Հայաստանի նախկին գլխաւոր դատախազ, Քննչական կոմիտէի նախկին նախագահ՝ Աղուան Յովսէփեանը երկու ամիսով կալանաւորելու որոշում կայացուցած է՝ բաւարարելով Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) միջնորդութիւնը, «Ազատութիւն»-ին հաղորդած են ՅՔԾ-էն։

Յովսէփեան երէկ ձերբակալուած էր փողերու լուացման, կաշառք ստանալու եւ խարդախութեամբ գոյք յափշտակելու մեղադրանքով:

Ըստ իրաւապահներուն, 68-ամեայ Յովսէփեանը, որ 2004-ին դատախազի, ապա Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօններ գրաւած է, պաշտօնավարման տարիներուն օրինականացուցած է աւելի քան 1 միլիառ 300 միլիոն դրամ, մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն կատարող շարք մը ընկերութիւններու կառավարման, ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով` 190 միլիոն դրամ կաշառք եւ խարդախութեամբ յափշտակած է 800 միլիոն դրամ գոյք։ Թէ ինչ ընկերութիւններու եւ գոյքի մասին է խօսքը, իրաւապահները չեն բացայայտած։

Նախկին գլխաւոր դատախազի պաշտպան՝ Գագիկ Խաչիկեան երէկ յայտարարած է, որ Յովսէփեանը մեղադրանքը չ’ընդունիր եւ մարտական տրամադրուած է: Այսօր ան տեղեկացուց, որ դատարանի որոշումը պիտի բողոքարկուի «բոլոր հնարաւոր եղանակներով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment