Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լրագրողները ԱԺ-ի Օթեակէն Հեռացնելու Հարցը Վերանայման Ենթակայ Է. ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեան

Լրագրողները ԱԺ-ի Օթեակէն Հեռացնելու Հարցը Վերանայման Ենթակայ Է. ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեան

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան Օգոստոս 25-ին լրագրողներուն հետ ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին խստօրէն դատապարտեց ԱԺ-ի նիստերու դահլիճէն ներս տեղի ունեցածը` շեշտելով, որ բռնութիւնը անընդունելի է եւ որեւէ արդարացում չունի:

ԱԺ-ի նախագահի խօսքով` նիստերու դահլիճէն ներս նմանատիպ միջադէպերու կրկնութեան պարագային լրագրողները նախատեսուած օթեակէն հեռացնելու վերաբերեալ հարցը քննարկման ընթացքի մէջ է, եւ ամենայն հաւանականութեամբ անիկա վերանայման ենթակայ է:

Միեւնոյն ժամանակ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն փաստին, որ միջազգային կիրարկմամբ սովորաբար այսպիսի պարագաներուն, նկարը կը փոխեն` յարգելով անձերու արժանապատուութիւնն ու բարի համբաւը:

Եզրափակելով խօսքը` Ալեն Սիմոնեան նշեց, որ ամենակարեւորը դէպքերու կրկնութենէն խուսափիլն է:

Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն, որոնք ընդհանրապէս առընչուած էին Օգոստոս 24-ին եւ 25-ին Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment