Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թոքիօ 2020. Հայաստան Նուաճեց Առաջին Մետալը

Թոքիօ 2020. Հայաստան Նուաճեց Առաջին Մետալը

by MassisPost

Ողիմպիական երկուշաբթին հայ մարզիկներուն համար յաջող էր։ Հայաստանի ընդամէնը 17 հոգինոց հաւաքականը Թոքիօ 2020-ի տասերորդ օրը առաջին մետալը նուաճեց։ 28-ամեայ մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան յենացատկի եզրափակիչին երրորդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց եւ նուաճեց պրոնզէ մետալ։

Հայ մարզիկը հազարերորդական միաւորով զիջեց ոսկի մետալ նուաճած հարաւային քորիացի Շին Ճի Հուանին։ Սա անկախ Հայաստանի պատմութեան առաջին Ողիմպիական մետալն էր մարմնամարզութեան։

Այսօր՝ Օգոստոս 2-ին, աւելի վաղ ալ պայքարի մէջ մտան յունահռոմէական ոճի հայ ըմբիշները. 97 քիլոկրամ քաշային, 2016-ի Ռիոյի խաղերու ոսկէ մետալակիր՝ Արթուր Ալեքսանեանը եզրափակիչի ուղեգիր նուաճեց։ «Սպիտակ արջը» կիսաեզրափակիչին մրցակցեցաւ Իրանը ներկայացնող Մուհամէտ Սարավիի հետ, ծանր պայքարին Ալեքսանեանը, չնայած որ վնասուածք ստացաւ, բայց այդուհանդերձ 4:1 հաշիւով յաղթանակի հասաւ։ Անկախ Հայաստանի պատմութեան Ողիմպիական երկրորդ ախոյեանը վաղը կը փորձէ պաշտպանել իր ոսկի մետալը Ռուսաստանի Ողիմպիական կոմիտէն ներկայացնող՝ Մուսա Եվլոեւի հետ գօտեմարտին մէջ։ Այսինքն առնուազն արծաթէ մետալը Ալեքսանեանի համար ապահովուած է եւ այսպիսով՝ Հայաստան այս պահուն երկու Ողիմպիական մետալ ունի։

arthur alexanyan

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Կարապետ Չալեանը 77 քիլոկրամ քաշային կարգին հասաւ կիսաեզրափակիչ, սակայն, Խրխըզիստանը ներկայացնող ըմբիշին չկրցաւ յաղթահարել։ Չալեան վաղը կը պայքարի պրոնզէ մետալի համար։ 67 կիլոգրամ քաշային կարգին վաղը 1/8 եզրափակիչին իր առաջին գօտեմարտը կ’ունենայ Կարէն Ասլանեանը։

Երեքշաբթի օր ոսկէ մետալի համար կը պայքարի 109 քիլոկրամ քաշային ծանրորդ՝ Սիմոն Մարտիրոսեան, որ, ըստ մասնագէտներուն ախոյեանութեան գլխաւոր յաւակնորդն է։ Քառորդ եզրափակիչին վաղը իր մենամարտը կ’ունենայ բռնցքամարտիկ՝ Յովհաննէս Բաչկովը՝ Ուզպեքիստանցի Էլնուր Ապտուրայմովի հետ յաջորդ փուլի ուղեգիր խաղարկելով։ Հայաստանը ներկայացնող միւս բռնցքամարտիկները արդէն լքած են պայքարը։

Վաղը որակաւորման փուլին, հեռացատկորդ՝ Լեւոն Աղասեան կը փորձէ եզրափակիչի ուղեգիր նուաճել։

Հայաստանի Ողիմպիական հաւաքականը այժմ մետալային հաշուարկի 74-րդն է։ Առաջատարը Չինաստանն է, երկրորդը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, լաւագոյն եռեակը կ’եզրափակէ Ճափոնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment