Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանը Չի Նուազեցներ Ջանքերը Բոլոր Պահուող Անձերը Տուն Վերադարձնելու Ուղղութեամբ, Յայտարարած Է Լաւրով

Ռուսաստանը Չի Նուազեցներ Ջանքերը Բոլոր Պահուող Անձերը Տուն Վերադարձնելու Ուղղութեամբ, Յայտարարած Է Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանը չի նուազեցներ ջանքերը ղարաբաղեան պատերազմի հետեւանքով բոլոր պահուող անձերը տուն վերադարձնելու ուղղութեամբ, Երեւանի մէջ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեանի հետ բանակցութիւններէն յետոյ այսօր՝ Մայիս 6-ին կայացած ասուլիսին յայտարարեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով։

Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ դեռ Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած յայտնի եռակողմ զինադադարի յայտարարութեամբ նախատեսուած է ռազմագերիներու եւ այլ ձերբակալուած անձերու փոխանակում, բայց թէ Քրեմլինի ղեկավարի հեղինակած փաստաթուղթի ստորագրումէն կէս տարի անց, թէ ինչու Ատրպէյճանը չի վերադարձներ, տարբեր տեղեկութիւններով, մօտ 200-ի հասնող հայ ռազմագերիները, Լաւրով այսօր չանդրադարձաւ։

«Չենք նուազեցներ ջանքերը բոլոր պահուող անձերը տուն վերադարձնելու, ականազերծման, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային կազմակերպութիւններու աշխատանքի մեկնարկի ուղղութեամբ։ Տարածաշրջանի իրավիճակի կանոնաւորման համար կարեւոր ներդրում կը կատարէ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական կապերու եւ փոխադրային ուղիներու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբը՝ Հայաստանի, Ռուսասատանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու գլխաւորութեամբ։ Այդ աշխատանքի յաջողութիւնը վճռորոշ նշանակութիւն կ’ունենայ հակամարտութեան յաջորդող ժամանակամիջոցին ընդհանուր իրավիճակի կանոնաւորման եւ ստեղծագործ համագործակցութեան սկզբնաւորման պայմաններու ստեղծման համար», – ըսաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը։

Լաւրովի երեւանեան այցի ճի՛շդ նախօրէին, ինչպէս յայտնի է, Ատրպէյճան ազատ արձակեց եւս երեք հայ ռազմագերիներ, իսկ երբ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը արդէն Երեւան էր, տարածուեցաւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւնը, որով ողջունելով Ատրպէյճանի կողմէ երեք հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը, Իկոր Փոփովը, Ստեֆան Վիսքոնթին եւ Էնտրիւ Շոֆերը, միաժամանակ, կոչ ըրած են կողմերուն՝ ամբողջութեամբ եւ շուտափոյթ աւարտել ձերբակալուածներու եւ զոհուածներու աճիւններու փոխանակման գործընթացը եւ յարգել կալանաւորներու նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունքը ապահովելու պարտաւորութիւնները:

Այսօրուայ ասուլիսին, Սերկէյ Լաւրով անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին, որու աշխատանքը բնորոշեց որպէս պահանջուած՝ նախ եւ առաջ փոխվստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման նպատակով։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեան յիշեցուց՝ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ամենեւին լուծուած չէ։

«Եւս մէկ անգամ վերահաստատեցի մեր յստակ դիրքորոշումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հեռու է կարգաւորուած լինելուց, բացառապէս խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով է հնարաւոր հասնել համապարփակ քաղաքական կարգաւորման, որը հաշուի կ’առնի բոլորի իրաւունքները եւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը բերի Հարաւային Կովկաս։ Եւ նման կարգաւորման հիմքում պէտք է առաջին հերթին ընկած լինի Արցախի կարգավիճակի որոշում այն սահմաններում, որտեղ ինքնորոշուել է Արցախի ժողովուրդը», – ըսաւ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնակատարը։

Այվազեան անդրադարձաւ նաեւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարի հետ տեղի ունեցածին. օրերս յայտնի դարձաւ, որ ատրպէյճանական կողմը հանած է եկեղեցւոյ գմբեթները։

«Պէտք է յստակ նշեմ, որ Շուշիի մայր տաճարը, որը հանդիսանում է հայկական ամենախոշոր եկեղեցիներից մէկը, պէտք է մնայ Հայ Առաքելական եկեղեցու պաշտանմունքի վայր», – յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը։

Լաւրով Մայիս 5-ին, աշխատանքային այցով ժամանած է Հայաստան եւ բանակցութիւններէն զատ, այսօր առաւօտեան այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment